2015-10-17 08:28:00

''Քրիստոնեաներու ցեղասպանութիւնը'' նիւթով խորհրդաժողով։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 19 հոկտեմբեր 2015-ին իտալական խորհրդարանի մէկ սրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ ''Umanitaria Padana Onlus'' բարեսիրական մարմնին եւ Իտալիոյ փաքիստանի քրիստոնեաներու ընկերակցութեան եւ մասնակցութեամբ  իտալացի ազգային ժողովի անդամներուն տեղի կ՛ունենայ ''Քրիստոնեաներու ցեղասպանութիւնը'' նիւթով խորհրդաժողով որուն նպատակն է ձայն տալ Արեւելքի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն եւ միաժամանակ խորհրդածել ծայրայեղ մահմետականներու ներկայութեան մասին ու անոնց` Արեւմուտքին մէջ յառաջ բերած վտանգին։

Խորհրդաժողովին  կէտ նպատակն է իրապաշտօրէն ներկայացնել ծայրայեղ մահմետականութիւնը ու անոնց ներկայութեան վտանգը Արեւմուտքէն ներս,  խնդրելով որ մամուլն ու քաղաքագէտները բացայայտ վերլուծում կատարեն այդ վտանգին մասին­։ Խորհրդաժողովը կ՛ուզէ միաժամանակ ձայն տալ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն, որ հակառակ դիմագրաւած հալածանքին կը շարունակեն արիութեամբ ապրիլ ու իրենց `Յիսուս Քրիստոսի մէջ ունեցած հաւատքը վկայել։








All the contents on this site are copyrighted ©.