2015-10-16 10:22:00

Ֆրանսական ''Paris Match'' շաբաթաթերթի՝ հարցազրոյցը ֆրանչիսկոս Պապին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան)  ''Paris Match'' Ֆրանսական հանրածանօթ շաբաթաթերթը հարցազրոյց ունեցած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ շօշափելով զանազան  նիւթեր որոնց շարքին՝ կլիմայի յեղաշրջումը, միջազգային տագնապը, աղքատութիւնը ու քրիստոնեաներու դէմ սպառնալիքը։

Հարցազրոյցին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը  հարցադրած է թէ ի՞նչպէս կարելի է պաշտպանել մարդը իր ինքնակործանումէն։ Ու պատասխանած է` հրաժարելով դրամապաշտութենէն՝ դրամ աստուածէն, եւ վերադարձնելով մարդ արարածը, անոր արժանաւորութիւնը ու հասարակած բարիքը` կեդրոն մտահոգութեան, միշտ  մեր աչքին առջեւ ունենալով ապագայ սերունդը։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անվերապահ ու ինքնաբուխ պատասխաններ տուած է լրագրողին յայտնելով իր ցաւը չկարենալու պտտիլ Հռոմի փողոցներուն մէջ ու բարեկամներու հետ միասին ''բիցցա'' մը ուտելու։ Ան հուսկ նշած է թէ խորապէս համոզուած է որ աղքատութեան ջնջումը սերտօրէն առընչուած է արարչագործութեան պահպանումին հետ։

Քրիստոնեաները սովորաբար կը մտին իրապաշտութեան եւ ոչ թէ աղետապաշտութեան - ըսած է Սրբազան Հայրը շեշտելով թէ ''ներկայ համաշխարհային դրութիւնը անընդունելի է''։

Մեծ յոյս ունիմ, ըսած է ապա Նորին Սրբութիւնը, որ Փարիզի կլիմայի  մասին վեհաժողովը, յառաջիկայ դեկտեմբերին, կարող է նպաստել դրական ընտրութիւններու։ Մեր հասարակաց տունը ապականած է, մշտատեւ կը վատթարանայ, կարիքը կայ բոլորին յանձնառումին, հարկաւոր է պաշտպանել մարդը ինքնակործանումէն։

Պատասխանելով Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ապրած ողբերգութեան մասին, որոնք թիրախ են  ծայրայեղ մահմետականութեան, Նորին Սրբութիւնը ըսած է  ''չենք կրնար համակամիլ յաչս այն իրականութեան որ այդ հասարակութիւնները, որոնք այսօր փոքրամասնութիւններ են, պարտադրուած են իրենց տուներէն ու հողերէն հեռանալ։ Յաչս այս ողբալի իրավիճակին պարտականութիւնն  ունինք  որպէս մարդ եւ որպէս քրիստոնեայ հակազդելու այդ իրողութեան եւ լուր չի մնալու աշխարհի հզօրներուն դիմացորոնք կը խօսին խաղաղութեան մասին մինչ միաժամանակ կը շարունակեն զէնք վաճառել։

Հուսկ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խօսելով Լիզիօյի սրբուհի Թերեզայի ծնողաց սրբադասումին մասին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 18 հոկտեմբերին, ըսած է այս զոյգը ճշմարիտ աւետարանիչ զոյգ է, անոնք վկայութիւն տուին Յիսուսի հաւատքին գեղեցկութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.