2015-10-16 12:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Սնունդի միջազգային օրուան առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 16 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը տուած է Սնունդի Միջազգային Օրուան առիթով։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է ՄԱԿԻ «Կերակուր եւ Հողատնտեսութիւն Կազմակերպութեան» կողմէ, հիմնարկութեան 70րդ տարեդարձին առիթով։

Սրբազան Հայրը երէք կէտերու մէջ կը ներկայացնէ իր յորդոր-պատգամը, կոչ ուղղելով որ իւրաքանչիւր անհատ իր նպաստը բերէ, բարելաւելու սնունդի պայմանները մարդկութեան համար։

Առաջին կէտին մէջ Սրբազան Պապը կը յիշէ կազմակերպութեան նպատակը՝ գտնել հարկաւոր միջոցներ՝ մարդկութիւնը ազատելու համար անօթութենէ, եւ նեցուկ կանգնիլ գիւղատնտեսական գործունէութիւններու, որոնք կարող ըլլան գոհացնել երկրագունդի զանազան մասերու կարիքները։

Ներկայ ժամանակաշրջանի մէջ շեշտուած է շահադիտական հոգեբանութիւնը, կենդրոնացումը անհատական շահերու վրայ, եւ անարդար քաղաքականութիւնը։ Այս բոլորը կը խոչընդոտեն միջազգային համագործակցութեան մը կայացումը։ Հետեւաբար, այս տխուր երեւոյթները պէտք է կազմակերպութիւնը սթափեցնեն՝ եւ մղեն դառնալու իր ներշնչման ակունքներուն։

Յիշեալ միջազգային օրուան քննարկման նիւթն է՝ «Ընկերային եւ հողատնտեսական պաշտպանութիւն, դադրեցնելու գիւղական աղքատութեան ընթացքը»։ Սրբազան Պապը կը յիշեցնէ, թէ այս խնդիրը կը հայի մարդկութեան երկու երրորդին, որոնք զուրկ են ամենանուազ պաշտպանութենէն իսկ։

Երկրորդ կէտին մէջ, Սրբազան Պապը կը յստակէ, թէ ի տես սովեալ եւ սննդազուրկ անհատներու, չէ կարելի բաւարարուիլ միայն համագործակցութեան կոչեր ուղղելով։ Պէտք է հարց տանք մենք մեզի՝ թէ արդեօք կարելի՞ է տակաւին ընդունիլ ընկերութիւն մը, որուն պաշարները սակաւ մարդոց ձեռքերուն մէջ են, մինչ նուազ առանձնաշնորհեալները պարտադրուած են հաւաքել միայն փշրանքները։ Այս հարցի պատասխանը չի կրնար սահմանափակուիլ միայն բարի առաջադրանքներու մէջ, այլ առաւել եւս կը կայանայ ընկերային խաղաղութան, որոշակի կարգ ու կանոնի կայունութեան եւ ապահովութեան մէջ, որ չէ կարելի իրականացնել առանց բաժանական արդարութեան, որուն բռնադատումը միշտ բռնութիւն յառաջ կը բերէ։

Վերջապէս, Ֆրանչիսկոս Պապ, երրորդ կէտի մը մէջ կʼանդրադառնայ եկեղեցւոյ դերին։ Ան ուշադրութեան կը յանձնէ, որ Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ՝ մարդկութեան այս խնդիրներուն ի տես։ Արարածները եւ երկրի պտուղները Աստուծոյ պարգեւն են, շնորհուած բոլոր մարդկութեան, որ միաժամանակ պահապաններն եւ օգտուողներն են։ Ասոր համար պէտք է այդ բարիքները բաժանուին բոլորին միջեւ։

Յիշեալ խնդիրները մեզ պէտք չէ մղեն յոռետեսութեան եւ անտարբերութեան։ Այլ պէտք է քաջալերուինք մինչեւ հիմա կատարուած նուաճումներով՝ առանց վարանելու խնդիրներու բարդութեան դիմաց։








All the contents on this site are copyrighted ©.