2015-10-16 11:29:00

'Սրբուհի Թերեզայի ծնողաց կենսագրականի'' ներկայացումի մամլոյ ասուլիս


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 16 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան  սրահին մէջ,  տեղի  ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին  ներկայացուեցաւ Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի ծնողաց` Երանելի Լուիս եւ Երանելի Զէլի Մարթինի կենսագրականը՝  որոնք կիրակի 18 հոկտեմբերին սուրբ Պետրոսի մէջ Սուրբ պիտի հռչակուին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահած սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին։

Ֆրանսայի Եպիսկոպոսսաց դասին  կողմէ կազմակերպուած սոյն մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցան Հայր Օլիվիէր Ռուֆֆրայ՝ Լիզիէօ անուան սրբավայրի տեսուչ։ Հայրը Ժան Մարի Սիմար՝ Սրբուհի Թերեզայի ծնողաց նուիրուած Լուիս եւ Զէլի Մարթին անուան սրբավայրի մեծաւորը, ինչպէս նաեւ  Հայր Անթոնիօ Սանկալլի` դատի խնդրարկու փաստաբանը։ 

Երանեի Լուտովիքօ Մարթին՝ հայրը Սրբուհի Թերեզայի

Երանելի Լուտովիք Ժուզէփփէ  ծնած է Ֆրանսայի մէջ  զինուորական դասակարգի պատկանող  ընտանիքի յարկին տակ, 22 օգոստոս 1823-ին, եւ ստացած է զինուորական կրթութիւն։  

 Ան յաճախած է քրիստոնեայ դպրոցներ,  ապա՝ օրուան ապրուստը հայթայթելու համար  զբաղած է ժամագործութեամբ։

 22 տարեկանին, հայեցողական կեանքի նուիրումի համար, փորձած է յաճախել Սուրբ Պէրնարտարոյի վանք,  բայց՝ Լատիներէն լեզուն չգիտնալու պատճառով, մերժուած է

վանքին կողմէն։

Երանելի Լուիճի  ապրած է իր կեանքը մեծ հաւատքով ու երկիւղածութեամբ։ Ան  ամէն օր Սուրբ Հաղորութեան պաշտամունք կը կատարէր ,  ուխտագնացութեան կ՝երթար եւ ամբողջ օրը կ՝անցնէր Սուրբ Գիրքի ընթերցանութեամբ։

13 յուլիս 1858-ին, կը պսակուի Տիկին Մարիա Զէլիայն հետ, որուն հանդէպ  ունեցած է մեծ համակրանք ու Սէր։ Կեանքին բոլոր դժուարութիւնները՝ չորս զաւակներուն ու իր կնոջ կորուստը դիմագրաւեց մեծ հաւատքով։

Երանելի Լուիճի , յատուկ սէր ու գուրգուրանք կը վայելէր Սրբուհի թերեզայի հանդէպ։ 1888-ին,  Սրբուհի թերեզան իր հօրենական օճախը թողելէ ետք Երանելի Լուիճի ծանր հիւանդութեան մատնուեցաւ ու մտաւ  բուժարան, ուր՝ 29 յուլիս 1894-ին, 71 տարեկանին, աւանդեց իր հոգին։

 

Մարիա Զէլիա Կուէրին՝ Սրբուհի Թերեզայի մայրը

Մարիա Զէլիա Կուէրին եւ Լուիճի Մարթին եղած են Սրբուհի Թեզեզայի հարազատ Մայրն ու Հայրը,

Երանելի Մարիա Զէլին  փափաքած է  միշտ բազմանդամ ընտանիք մը ունեննալ, մատուցանելու համար զանոնք Աստուծոյ։

 Ամենակալը՝ երանելիին փափաքին ընդառաջելով, շնորհած է անոր 9 զաւակներ, որոնցմէ չորսը կանուխ հասակին   մահացած են, իսկ մնացած 5 զաւակները Մարիա, Փաուլինա, Չէլինա, Լէոնինա եւ Սրբուհին` թերեզան,  կրօնաւորական կեանքի նուիրումով իրենց անձը պարգեւած են՝ Աստուծոյ։

Երանելի Մարիա կանուխ հասակին  հիւանդ վիճակո մէջ ինկած է երբ՝ Սրբուհի Թերեզան  5  տարեկան մանուկ մըն էր։

Ան անկողինին մէջէն  հաւատարմութեամբ ծառայած է իր ամուսնոյն  ու ընտանիքին,

ներշնչելով  զանոնք եղբայրասիրութեան եւ առաքելութեան հոգին, որոնցմով դրոշմուած են իր զաւակները։

Երանելի Մարիա շատ տառապեցաւ  երբ Սրբուհի Թերեզան  վանք մտաւ՝վեհանձնութեամբ Տիրոջ ծառայելու համար։

28 յուլիս 1894-ին,Սրբուհի Թերեզայի մայրը՝ երանելի Մարիա, առ յաւէտ խփեց իր աչքերը  ու  հեռացաւ այս աշխարհէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.