2015-10-16 10:14:00

Դպրեվանքը եղած է եւ կը մնայ Հայ սփիւռքին մարդուժ հայթայթող նուիրական կեդրոն


Երկուշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ներկայութեամբ միաբան հայրերու եւ ուսուցիչներու, պաշտօնական հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ Դպրեվանքի 86-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանին, կը հաղորդէ «Ազդակ» օրաթերթը:Այս առիթով, դպրեվանեցիներ ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին կարդացուեցաւ աստուածաշնչական հատուած, երգուեցան օրուան խորհուրդը պատմող շարականներ եւ երգեր ու արտասանուեցան աղօթաշունչ բանաստեղծութիւններ:

Վեհափառ հայրապետը այս առիթով իր արտասանած պատգամին մէջ ընդգծեց. «Դպրեվանքը սովորական դպրոց չէ, այլ` սրբազան կառոյց: Ան եղած է եւ կը մնայ հայ սփիւռքին մարդուժ հայթայթող նուիրական կեդրոն: Որքա՜ն սերունդներ` հոգեւորական թէ աշխարհական, իմացապէս ու հոգեպէս լեցուեցան դպրեվանքին մէջ եւ իրենց ծառայութեան ճամբով իրենք զիրենք գերազանցեցին: 








All the contents on this site are copyrighted ©.