2015-10-16 10:15:00

Գերապայծառ Աուզայի գնահատումով հաւատքը հակա-ահաբեկչական զօրութիւն մըն է։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ս. Աթոռը մեծապէս մտահոգ է ահաբեկչական գործունէութիւններու ի սպաս ծայրայեղականներու կրօնի շշահագործումին ի տես'' ըսաւ գերապայծառ Աուզա՝ ՄԱԿի մօտ Ս. Աթոռի մնայուն դէտը, մէջբերելով ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը ''կրօնքը չի կրնար ըլլալ դրդապատճառը բռնութիւններ գործելու եւ զանոնք արդարացնելու''։

Գերապայծառ Աուզա ընդգծեց որ ''ճշմարիտ կրօնքը միութեան աղբիւր է ու ահաբեկչութեան դէմ զօրութիւն''։ Ան ապա ցաւով դիտել տուաւ որ ''ականատես ենք չտեսնուած բարբարոսական ահաբեկչական ներգործութիւններու''։ Ս. Աթոռի գնահատումով զէնքը ինքնին բաւարար չէ յաղթահարելու ահաբեկչութիւնը այլ հարկաւոր է  երկխօսութիւնը, ու յատկապէս նոր սերունդին դաստիարակութիւնը''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.