2015-10-16 09:49:00

«Էքոնոմիսթ» կ՛անդրադառնայ Հայ Եւ Հրեայ գաղթականներուն բերած հարստութեան


ԼՈՆՏՈՆ.- Գաղթականներու պատմութեան մէջ բազմաթիւ են այն դէպքերը, երբ ներգաղթեալներ, վառ համայնքներ ստեղծելով՝ հարստացուցած են այն երկիրները, ուր ապաստանած են։ Այդպիսի գաղթականներու կարգին կարելի է նշել հայերը, հրեաները, վիէթնամցիները եւ ուկանտացիները։ «Էքոնոմիսթ» հեղինակաւոր թերթը այսպէս կը գրէ վերոնշեալ խորագիրով իր յօդուածին մէջ։ Թերթը դիտել կու տայ, որ գաղթականութիւնը պէտք չէ ընկալել միայն որպէս բեռ։ «Հարկաւոր է այլեւս արգելքներ չստեղծել, այլ կառավարել ճնշումն ու վտանգները, որպէսզի գաղթը բարելաւէ թէ՛ գաղթականներուն եւ թէ անոնց ընդունած երկիրներուն կեանքը», գրած է թերթը։

Գալով Սուրիայէն փախստականներու պարագային՝ ապա յօդուածագիրներու կարծիքով, անոնց օգնելը ո՛չ միայն Եւրոպայի, այլեւ ամբողջ աշխարհի բարոյական պարտքն է։ «Ամերիկա, արեւմտեան երկիրները եւ յատկապէս Ծոցի հարուստ միապետութիւնները պէտք է աւելի մեծ թիւով սուրիացիներ ընդունին, ինչպէս պատահեցաւ 1970-1980ականներուն՝ ինտոնեզիացի փախստականներու պարագային», կը շեշտուի յօդուածին մէջ։

Միաժամանակ, այլ հարցեր եւս կան. բացի փախստականներէն, այժմ նաեւ տնտեսական գաղթականութեան մեծ հոսք մը կայ։ Ըստ յօդուածին՝ հիմնական հարցը այն է, որ Եւրոպա գաղթականներու կարիքն ունի։ Եւրոպայի մէջ աշխատունակ դասակարգի թիւը փոքր է, իսկ թոշակառուներու վճարումները կատարելու եւ անոնց ծառայութիւններ ապահովելու համար, երիտասարդ աշխատուժի պակասը զգալի է ամէնուրեք։ Կը նշուի նաեւ, որ երկու ուժեր կրցան ստիպել այդ ցամաքամասի դռները բանալ։ Անոնցմէ մէկը խիղճն է, որ առթնցաւ խեղդամահ եղած սուրիացի փոքրիկի լուսանկարին հետեւանքով, իսկ երկրորդը՝ Գերմանիոյ վարչապետի քաջութիւնն է. ան իր ժողովուրդին առաջարկեց մէկդի թողուլ գաղթականներուն հանդէպ վախը եւ կարեկցութիւն ցոյց տալ կարիքաւորներուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.