2015-10-16 09:22:00

17 հոկտեմբերին կը նշուի ''եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի'' հաստատման 50 ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 17 հոկտեմբեր 2015-ին,  Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ժամը 9,00 - 12,30,  պիտի նշուի ''Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի'' հիմնարկութեան 50-րդ ամեակը։ ''Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի'' ստեղծումը կը պարտինք Պօղոս Զ Քահանայապետին որ` 15 սեպտեմբեր 1965-ին ''Apostolica Sollicitudo'' հրատարակած ինքնագիր նամակով հիմնեց այս հաստատութիւնը։

Սիւնհոդոսը համախմբումն է կաթողիկէ եպիսկոպոսներու որոնց պարտականութիւնն է օգնել Քահանայապետին` Անոր յանձնուած տիեզերական եկեղեցւոյ կառավարման առաքելութեան մէջ։

Սիւնհոդոս բառը ինքնին  կը նշանակէ ''միասնաբար ընթանալու ճանապարհ''։ Եկեղեցին, արդարեւ, պատմութեան մէջ միասին քալող ժողովուրդ մըն է, որպէս Աստուծոյ Արքայութեան նշան` նուիրուած համայն մարդկութեան։

Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսը առ այդ ''եպիսկոպոսներու հաւաքականութեան''  հաստատութիւն մըն է` ի սպաս Սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ։

Սիւնհոդոսը խորհրդարան մը չէ որուն որոշումները որոշիչ արժէք ունին, այլ ուղեւորութիւն մըն է որ համայն եկեղեցին կ՛իրագործէ հոգեւոր խորաթափանցութեամբ, հիմնուած Սուրբ Հոգւոյն` Եկեղեցւոյ տուած առաջարկներու վրայ։

Սիւնհոդոսը ունի խորհրդակցական հանգամանք քահանայապետական ուսուցումին ի սպաս։ Ան կը քննարկէ այն ինչ որ բարի է եւ վաւերական ու զայն կ՛առաջարկէ Եկեղեցւոյ եւ Սրբազան Քահանայապետին, որուն հիման վրայ կ՛առնուին համապատասխան որոշումներ։

Սիւնհոդոսի հաստատման 50-րդ տարեդարձի տօնախմբութիւնը սկիզբ կ՛առնէ  17 հոկտեմբերի առաւօտեան 9,30-ին, Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղար կարդինալ Լորէնցօ Պալտիսերրիի բացման խօսքով, որուն կը յաջորդէ Վիէննեայի Արքեպիսկոպոս` եւ Ավստրիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` կարդինալ Քրիստոֆ Շոնպորնի զեկոյցը, հուսկ տեղի կ՛ունենան հինգ ցամաքամասերը ներկայացնող բարձրաստիճան եկեղեցականներու ելոյթները որոնց աւարտին խօսք կ՛առնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ ներկաներուն կ՛ուղղէ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած տօնախմբութեան եզրափակիչ պատգամ։

Մինչ այդ նշենք թէ այսօր` ուրբաթ 16 հոկտեմբերին, Վատիկանի սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ կը շարունակուին Ընտանիքի կոչումի եւ առաքելութեան մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքները, 12-րդ ընդհանուր նիստի գումարումով, որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենան Քոյր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն ելոյթները։

Վերոնշեալ նիստի ընթացքին կը շարունակուին ուսումնասիրուիլ սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարի Երրորդ բաժնի հայող նիւթերը ապա, յոտմիջօրէին, կը գումարուին լեզուային փոքր խումբերը, որոնք իրենց կարգին կը քննարկեն վերոնշեալ նիւթերը մինչեւ երեքշաբթի 20 հոկտեմբերի առաւօտեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.