2015-10-15 11:54:00

Տեղական Զարգացումի նուիրուած Միջազգային Հանդիպումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը նամակ մը յղած է Թորինոյի քաղաքապետ՝ Փիերօ Ֆասսինոյի, հոկտեմբեր 13-16 Թորինոյի մէջ կայացած միջազգային հանդիպումին առիթով, որ կը քննարկէ տեղական զարգացման հարցը։

Սրբազան Պապը՝ տեղական զարգացումը կը նկատէ՝ դաժան հետեւանքներով համաշխարհայնացած տնտեսութեան մը մարտահրաւէրին յարմարագոյն պատասխանը։

Այս հանդիպումը կարեւոր շարժիչ մըն է 2030ի թուականի առաջադրուած կենսոլորտի պահպանման եւ մարդկային համապարփակ զարգացման ծրագիրներուն ի նպաստ։ Այս հեռանկարի իրագործումը շտապ եւ անհրաժեշտ է։ Միջազգային Հասարակութեան կողմէ առնուած որոշումները կարեւոր են, սակայն միշտ փորձութիւն կը յառաջացնեն՝ սայթաքելու ճոռոմաբան ընդհանրականացման մէջ՝ խիղճը հանդարտեցնելու նպատակով։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր նամակին մէջ կը շեշտէ, թէ անհրաժեշտ է, որ միջազգային հասարակութիւնը որդեգրէ սկզբունքներ։ Ան կը յիշէ իր հանդիպումները  ժողովրդական շարժումներուն եւ իտալական կազմակերպութիւններուն հետ, ուր ան շեշտած էր սոյն հեռանկարները հետապնդելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան կը նկատէ, որ շահ հետապնդելը ինքնին վատ բան մը չէ, սակայն այն րոպէին, որ շահը հասարակաց բարիքը նկատի չ՛առներ եւ կը չարաշահէ ուրիշը՝ կը դառնայ անբարոյական։

Սրբազան Պապը կ՛եզրափակէ իր նամակը, կրկին անդրադառնալով Տեղական Զարգացման հանդիպումին, նկատելով զայն իբր լաւագոյն միջոց ստեղծելու իսկական ազատ տնտեսութիւններ եւ ձեռնարկութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.