2015-10-15 09:12:00

Վրաստանի մէջ կը գործէ 131 Հայալեզու ուսումնական հաստատութիւն։


Վրաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան կողմէ «Միութիւն» թերթի խմբագրութեան ներկայացուած վիճակագրական տուեալներուն համաձայն` Վրաստանի տարածքին կը գործէ 131 հայալեզու ուսումնական հաստատութիւն` դպրոցներ եւ բաժիններ:

«Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ունեցած տուեալներուն համաձայն` 2015թ. Մայիս 20-ի դրութեամբ Վրաստանի մէջ կը գործէ 310 ոչ վրացալեզու դպրոց` ներառեալ բաժինները: Հայկական դպրոցները եւ բաժինները ընդամէնը 131 են: Վրաստանի հայալեզու դպրոցներ յաճախող աշակերտներու քանակը կը կազմէ 13 912 աշակերտ:

Ինչ կը վերաբերի ատրպէյճանական դպրոցներուն, Վրաստանի մէջ ատոնք ընդամէնը 120 են: Աշակերտներու քանակը` 25 609: Վրաստանի տարածքին մէջ կը գործէ 61 ռուսալեզու դպրոց, աշակերտներու ընդհանուր քանակը` 13 835:

Վրաստանի հայալեզու դպրոցներուն մէջ վրացերէն լեզուն կը դասաւանդէ ընդամէնը 431 ուսուցիչ, իսկ հայերէնը` 837 ուսուցիչ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.