2015-10-15 14:02:00

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ


Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Հաւատքը

“Եւ ի մի Տէր Յիսուս Քրիստոս յՈրդին Աստուծոյ. ծնեալն յԱստուծոյ Հօրէ՝ միածին, այսինքն յէութենէ Հօր։ Աստուած յԱստուծոյ, լոյս ի լուսոյ, Աստուած ճշմարիտ յԱստուծոյ ճշմարտէ՝ ծնունդ և ո՛չ արարած։ Նոյն ինքն ի բնութենէ Հօր. որով ամենայն ինչ եղև յերկինս և ի վերայ երկրի, երևելիք և աներևոյթք։ Որ յաղագս մեր մարդկան և վասն մերոյ փրկութեան իջեալ յերկնից՝ մարմնացաւ, մարդացաւ, ծնաւ կատարելապէս ի Մարիամայ սրբոյ կուսէն Հոգւովն սրբով. որով էառ զմարմին, զհոգի և զմիտ, և զամենայն որ ինչ է ի մարդ, ճշմարտապէս և ո՛չ կարծեօք։

“Կը հաւատանք մէկ Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի, Աստուծոյ Որդիին, ծնած Հօր Աստուծմէ, Միածին, այսինքն՝ Հօր էութենէն։ Աստուած՝ Աստուծմէ, լոյս՝ լոյսէն, ճշմարիտ Աստուած՝ ճշմարիտ Աստուծմէ, ծնած բայց ոչ՝ արարած։ Նոյն ինքը՝ Հօր բնութենէն, որուն միջոցաւ ստեղծուեցաւ ամէն ինչ երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ՝ տեսանելիները եւ աներեւոյթները։ Որ մեզի՝ մարդոց եւ մեր փրկութեան համար՝ իջավ երկնքէն, մարմնացաւ, մարդացաւ, կատարելապէս ծնաւ Ս. Կոյս Մարիամէն՝ Ս. Հոգով։ Որով՝ ճշմարտապէս, եւ ոչ կարծեցեալ կերպով՝ առաւ մարմին, հոգի և միտք եւ այն ամէն բան, որ մարդուն մէջ է”։

Հաւատացեալ քրիստոնեան այսպէս կը դաւանի Քրիստոսը։ Յիշեալ տողերուն մէջ խտացուած են բազմաթիւ խորհուրդներ եւ մեր փրկագործութեան պատմութեան մէկ մասը։ Այս խորհուրներու քննարկումը կրնայ բազմաթիւ հատորներ լեցնել ։ Եկեղեցւոյ Հայրերը եւ աստուածաբաններ, դարերու ընթացքին անդրադարձած են հաւատքի այս ճշմարտութիւններուն։

Մեր Եկեղեցւոյ Հայրերէն եւ մեծ Սուրբերէն՝ Գրիգոր Նարեկացի, “Մատեան Ողբերգութեան” աղօթագրքին 34րդ գլուխը նուիրած է հաւատքի դաւանութեան։ Աստուծոյ Որդւոյն, Յիսուս Քրիստոսի մասին նարեկացի կը գրէ՝

“Փառաւորուած երեք անձերէն մին,

համազօր ահաւորութեամբ,

վերէն խոնարհեցաւ դէպի վար՝ այստեղ,

Ան, որ իր բնութեամբ՝ մեր նուաստներուս բնութեան անկցորդ էր։

Առանց իր փառքի աթոռէն կապտուելու,

առանց կարօտ մանլու ծնողի աչալուրջ սիրոյն,

պարզութեամբ մտաւ կոյսի արգանդին սենեակը,

եւ ելլելով անյտեղէն՝ մարմին առաւ,

առանց բաժնուելու իր էութենէն.

իբր մարդ անթերի, եւ աստուածութենէ անզուրկ։

Միակ Հօր միակ Որդի,

եւ Միածին որդի՝ Աստուածամայր Տիրածին կոյսին։

Արարիչը, որ ճշմարտապէս մարդացաւ՝ նախաստեղծ մարդուն նման,

եւ ոչ յետագայ մահկանացու արարածներուս նման.

այլ նոր եւ աւելի չքնաղութեամբ, քան վեհափառ թագաւորները,

չքնաղութիւն, որ երբեք չյայտնուեցաւ ոչ դարերու մէջ,

եւ ոչ ալ իրականացաւ ժամանակներու մէջ.

ըստ սաղմոսերգուին՝ անդրանիկ՝ բոլոր թագաւորներէն վեր։

ձեւ առաւ՝ մեր մարմնի հետ անապականապէս խառնուելով,

ինչպէս հոգին կը միանայ մարմնի հետ, եւ ոսկին՝ կրակի հետ.

եւ կամ աւելի յստակ ըսելով՝ լոյսը՝ օդի հետ,

առանց փոխակերպուելու եւ ոչ ալ անջատուելու”։

Յիսուս Քրիստոս կտարեալ Աստուած է եւ կատարեալ մարդ։ Այս ճշմարտութեան շուրջ եկեղեցական պատմութեան մէջ եղած են վէճեր եւ բուռն պայքար։ Ոմանք ուզած են Քրիստոսի մարդկութիւնը զատ նկատել Անոր աստուածութենէն։ Ոման զԱյն ընդունած են միայն իբր Աստուած, եւ լոկ երեւութապէս իբր մարդ։ Ոմանք Անոր էութեան մէջ չեն կրցած տեսնել Ատուած եւ Մարդը։ Այս հարցը քննարկած են Տիեզերական Ժողովներ եւ կայացուցած որոշումներ։ Ասոր համար եկեղեցւոյ Հայրապետները հաստատած են Հաւատամքը, ուր մենք կը դաւանինք մեր հաւատքը, խոստովանելով ճշմարտութիւնը։ Հայ Եկեղեցին միշտ պահած է իր հաւատքը՝ Քրիստոս կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ։ Գրիգոր Նարեկացի ասոր մասին կը գրէ՝ “մարմին առաւ, առանց բաժնուելու իր էութենէն … Արարիչը, որ ճշմարտապէս մարդացաւ՝ նախաստեղծ մարդուն նման … մեր մարմնի ձեւն առաւ՝ անապականապէս խառնուելով, ինչպէ հոգին կը միանայ մարմնի հետ, եւ ոսկին՝ կրակի հետ. եւ կամ, աւելի յստակ ըսելով՝ լոյսը՝ օդի հետ, առանց փոխակերպուելու եւ ոչ ալ անջատուելու”։

Գրիգոր Նարեկացի յիշելով Քրիստոսի մարդեղութիւնը, աննկատ չի թողուր Հաւատամքի այն ճշմարտութիւնը, թէ Քրիստոս մարդացած է Մարիամէն, զոր Նարեկացի կ’անուանէ՝ “Աստուածամայր տիրածին կոյս”։ Մարիամ՝ Քրիստոսի Մայրն է, սակայն միշտ կոյս։

 

 

 
 








All the contents on this site are copyrighted ©.