2015-10-15 12:09:00

Զգուշ ըլլալ օրէնսգէտներէն որոնք կը սահմանափակեն Աստուծոյ հորիզոնները եւ կը փոքրացնեն Անոր Սէրը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 15 հոկտեմբերին առաւօտեան, Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուայ աւետարանական ընթերցումին վրայ, ուր կը խօսուի Սիրոյ կարեւորութեան մասին եւ  յորդորեց զգուշանալ Փրկագործութեան քննիչներ եւ հսկիչներ ըլլալու փորձութենէն։

Նորին Սրբութիւնը ըսաւ՝ բոլոր քրիստոնեաներուս համար ամենէն դժուարին իրողութիւններէն մին է, հասկնալ՝ թէ Յիսուս Քիրստոսի Փրկագործութիւնը անշահախնդիր է, եւ աւելցուց, թէ Սուրբ Պօղոս Առաքեալն ալ դժուարութիւն ունեցաւ՝ իր ժամանակակից մարդոց հասկցնելու, թէ այս է ճշմարիտ վարդապետութիւնը։

Ֆրանչիկսոս Պապ նկատել տուաւ, թէ վարժութիւն դարձած է լսել այն իրողութիւնը՝ թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, որ Սիրոյ համար եկած է եւ մահացած ու մեզ փրկած է։ Ան ընդգծեց, թէ ''այն ժամանակ, որ մուտք գործենք Աստուծոյ խորհուրդին եւ անսահման ու անշահախնդիր Սիրոյն մէջ՝ կը հմայուինք եւ գուցէ կը նախընտրենք չհասկնալ զայն''։ 

Ապա խօսքը կեդրոնացնելով օրէնսգէտներուն վրայ, Սրբազան Հայրը ըսաւ ''անոնք համոզուած էին, թէ լոկ պատուիրաններուն գործադրութեամբ կարելի էր ձեռք բերել փրկութիւնը, իսկ՝ այն անձը, որ չի գործադրեր պատուիրանները՝ դատապարտութեան մատնուած է։ Այսպէս ընելով, ըսաւ Սրբազան Հայրը, օրէնսգէտները կը սահմանափակէին Աստուծոյ հորիզոնները եւ կը նուազեցնէին Անոր Սէրը։

Ֆրաչիսկոս Պապ ապա յարեց թէ ''այո՝ գոյութիւն ունին պատուիրանները բայց անոնք բոլորը կը բովանդակուին մէկ պատուիրանին մէջ՝ Սիրել Աստուած եւ սիրել մերձաււորը։ Այս սիրոյ կեցուացքով է որ արժանի կը դառնանք անշահախնդիր փրկութեան, որովհետեւ Սէրը անվճառ է''։

Քահանայապետը ապա յիշատակելով Սրբուհի Թերեզա Ավիլացին, որուն ծննդեան յոբելենական 500րդ ամեակը կը նշուի այսօր, ըսաւ՝ Աստուած, Սրբուհի Թերեզային պարգեւեց շնորհքը՝ հասկնալու սիրոյ հորիզոնները. ան հալածուեցաւ պաշտպանելու համար սէրը՝ անշահախնդիր փրկութիւնը, վարդապետութիւնը։ Քանի´ Սուրբեր հալածուեցան այս պատճառաւ, հարց տուաւ Սրբազան Հայրը հուսկ քարոզի աւարտին ներկաները հրաւիրեց հարցադրել, թէ արդեօ՞ք Ես կը հաւատամ որ Տէրը անշահախնդիր նուիրումով փրկեց զիս, արդեօ՞ք կը հաւատամ որ ես արժանի եմ Փրկութեան։ Լոկ՝ այս հարցականները կատարելով է, որ հաւատարիմ կը մնանք Աստուծոյ սիրոյ անսահման ողորմութեան՝ Հօր եւ մօր սիրոյ, որովհետեւ նոյնինքն Աստուած է որ կը յայտնէ մեզի՝ թէ Ան  մեր հետ կը վարուի որպէս Մայր, Սէր առանց հորիզոններու, անսահման եւ զուրկ՝ սահմանափակումներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.