2015-10-15 11:45:00

Անգլիոյ եպիսկոպոսները կոչ կ՛ուղղեն Սուրբ Երկրին մէջ դադրեցնելու բռնութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Գերապայծառ Տէքլան Լանկ` Անգլիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի` միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահը, կոչ ուղղած է Իսրայէլեան եւ պաղեստինեան իշխանութիւններուն, հրաւիրելով մէկդի դնել ''աչք աչքի դէմ'' քաղաքականութիւնը եւ փոխադարձ մեղադրութիւնները''։ Ան ապա իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է ի տես Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցող ծաւալուն բռնութիւններուն։

Գերապայծառ Լանկ որ է նաեւ ''Սուրբ Երկրի համակարգումի'' նախագահ­, յայտնած է թէ  Սուրբ Երկիր կատարած իր ճամբորդութիւններու ընթացքին­, ականատես եղած է Պաղեստինցիներու վրդովումին, որոնց համար մահը դարձած է յաճախ իրենց տառապանքին միակ յոյսը։ Բայց եւ այնպէս, ընդգծած է գերապայծառ Լանկ,  վստահ եմ, թէ այս յուսահատութիւնը չի կրնար հսկողութենէ դուրս բռնութեան վերածուիլ եւ թէ Իսրայէլեան իշխանութիւնները պարտականութիւնն ունին օրէնքը պարտադրելու։

Ան ապա վերյիշելով Երանելի Պօղոս Զ քահանայապետի խօսքերը, մատնանշած է թէ խաղաղութիւնը կը պահանջէ արդարութիւն, ապա թէ ոչ` մարդկային յարաբերութիւնները կ՛այլափոխուին եւ բռնութիւնը կը տարածուի։ 

Գերապայծառ Լանկ հուսկ կոչ ուղղած է  վերստանձնելու  խաղաղութեան դժուար ճանապարհի յանձնառումը, որ  հիմնուած ըլլայ արդարութեան վրայ, որուն հիման վրայ երկու կողմերը կարենան ապրիլ ապահովութեան մէջ, իրենց ինքնավար պետութիւններու ներքոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.