2015-10-14 10:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը.''Մանուկներուն տրուած խոստումները''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 14 հոկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդհատելով ընտանիքի մասին սիւնհոդոսի նիստերուն իր մասնակցութիւնը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ շնորհեց հրապարակային ունկնդրութիւն, այնտեղ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ արտասանած ճարին սկիզբը ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր բարիլոյս, ի տես կլիմայական անկայունութեան, այսօրուան մեր հրապարակային ունկնդրութիւնը տեղի կ՛ունենայ երկու վայրերու մէջ, ըլլայ այստեղ հրապարակին վրայ, ըլլայ Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, որտեղ համախմբուած են 700 հիւանդներ որոնք կ՛ուզէի ողջունել ծափողջոյնով։

Նորին Սրբութիւնը ապա նախ քան խորհրդածութիւնը սկսիլը մէջբերեց Յիսուսի խօսքերը ''Վայ անոր որուն ձեռքով կու գայ գայթակղութիւնը'' ապա յարեց`   ''Այսօր Յանուն Եկեղեցւոյ կ՛ուզեմ ներողութիւն խնդրել ձեզմէ այն գայթակղութիւններուն համար որոնք վերջերս տեղի ունեցան հռոմի մէջ եւ վատիկանի մէջ։ Ներողութիւն կը հայցեմ''։ 

 

Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց թէ  ''այսօր պիտի խորհրդածենք շատ կարեւոր նիւթի մասին` մանուկներուն` մեր ըրած խոստումներու մասին։ Չեմ խօսիր զանոնք երջանիկ դարձնելու համար մեր` օրուան ընթացքին այլեւայլ տուած խոստումներու մասին, այլ աւելի կարեւոր խոստումներու մասին որոնք վճռական են իրենց կեանքին համար, անոնց` միւս մարդկային արարածներուն նկատմամբ վստահութեան համար ու անոնց Աստուծոյ անունը որպէս օրհնութիւն ընկալելու կարողութեան համար։

Մենք չափահասներս յաճախ պատրաստ ենք խօսելու մանուկներու մասին որպէս խոստում, երիտասարդներուն ըսելու թէ անոնք մեր ապագան են, սակայն  լուրջ կը գտնու՞ինք անոնց ապագայի նկատմամբ։

Հիւրընկալութիւն եւ խնամք, մօտիկութիւն եւ ուշադրութիւն, վստահութիւն եւ յոյս բոլորն ալ հիմնական խոստումներ են որոնք կրնան եզրակացուիլ մէկ բարի մէջ. Սէր։ Այս է ամենէ արդար ձեւը ընկալելու աշխարհ եկող էակ մը։ Եւ մանուկները այս մէկը կ՛ակնկալեն անմեղութեամբ, որեւէ մշակոյթի, ցեղի եւ ապրելակերպի որ պատկանին։ Բաւարար է նայիլ անոնց. Աստուած կը հսկէ այդ էակներուն վրայ։ Եւ Վայ անոնց որոնք կը դաւաճանեն այդ խոստումը։ 

Իրենց ծնողներէն ստացած սիրով, մանուկները կը գիտակցին մարդկային յարաբերութիւններու գեղեցկութեան, ընդունելու տարբերութիւնը եւ յարգանք ունենալու  ուրիշներու հանդէպ։

''Միայն եթէ մանուկներուն նայինք Յիսուսին աչքերով կրնանք իսկապէս հասկնալ ինչպէս կարելի է պաշտպանել ընտանիքը եւ մարդկութիւնը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Եկեղեցին եւս սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի միջոցաւ մանուկներուն`  մեծ խոստումներ կը կատարէ։ Թող Յիսուսի Սուրբ Մայրը եկեղեցին դարձնէ կարող հետեւելու իր մայրական ու հաւատքի ճանապարհին եւ Սուրբ Յովսէփը` որ արդար մարդ է, որ ընկալեց Յիսուսը, անոր պահապան կանգնելով, մեզ արժանի դարձնէ հիւրընկալելու Յիսուս Աստուծոյ աշխարհ ուղարկած ամէն մէկ մանուկի մէջ։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները,  հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց հիւանդներուն. երիտասարդներուն եւ նորապսակեալներուն, վերյիշելով թէ հոկտեմբեր ամիսը նուիրուած է առաքելութեան ի սպաս աղօթքին եւ զօրակցութեան։

Սիրելի երիտասարդներ, ուրախութեամբ ընկալեցէք Տիրոջ հրաւէրը ձեր լաւագոյն ուժերը օգտագործելու Աւետարանի հռչակումին, սիրելի հիւանդներ շնորհակալ եմ ձեզի որովհետեւ ձեր ցաւերուն նուիրումը արժէքաւոր է բոլոր անոնց համար որոնք չեն ճանչնար Աստուծոյ սէրը եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ շարունակեցէք ձեր կեանքով վկայել Տիրոջ հաւատարիմ սէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.