2015-10-14 09:02:00

Օքսֆորտի Համալսարանի գրադարանը պիտի ցուցադրէ Հայկական ձեռագիրները


Աշխարհի երկրորդ ամենահին` Օքսֆորտի համասլարանի Պոտլէեան գրադարանը կը պատրաստուի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ցուցադրութեան հանել հայկական հազուագիւտ ձեռագիրներու եւ տպագիր գրականութեան իր հաւաքածոն: «Հայաստան. յարակայուն մշակոյթի ձեռագիրները» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը նուիրուած է հայ ժողովուրդի 2500­ամեայ պատմութեան եւ մշակոյթին:

Ինչպէս Պոտլէեան գրադարանի հասարակայնութեան հետ կապի եւ հաղորդակցութեան բաժնի պատասխանատու Էլեյն Պայպլը «Արմէնփրես»-ը կը տեղեկացնէ, հանրութեան պիտի կը ներկայացուին հայկական ձեռագիրներու, տպագիր գրականութեան, հայկական համայնքի կիրառական արուեստի եւ հոգեւոր իրերու 100-էն­ աւելի նմուշներ, ինչպէս գրադարանի, այնպէս ալ մասնաւոր հաւաքածոներէ, որոնք պահուած են Հայաստանի, Հոլանտայի եւ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ:

Ցուցադրութիւնը այցելուներու առջեւ իր դռները պիտի բանայ Հոկտեմբեր 23-­ին:

Պոտլէեան գրադարանը Եւրոպայի ամենահին գրադարաններէն է, իսկ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ, Բրիտանական գրադարանէն ետք, մեծութեամբ երկրորդն է` իր 11 միլիոն նմուշով: Գրադարանը գլխաւորապէս կը գործէ որպէս գրադարան-­ընթերցասրահ, եւ այնտեղ պահուող փաստաթուղթերը հիմականօրէն չեն կրնար դուրս հանուիլ ընթերցասենեակներէն: Գրադարանը ունի հայերէն ձեռագիրներու եւ գիրքերու բաւական հարուստ հաւաքածոյ: Ցուցակներու մէջ պահպանուած նմուշներուն համաձայն` գրադարանը առաջին հայերէն ձեռագրիը ստացած է 1635 թուականին արքեպիսկոպոս Լաուտի կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.