2015-10-14 08:25:00

Պաղեստինի մէջ զայրոյթի օրուան ընթացքին դանակահարումներ եւ հրացանաձգութիւններ։


Բռնագրաւեալ Երուսաղէմի եւ 1948-ի հողամասեր անունով ծանօթ բռնագրաւեալ պաղեստինեան հողամասերուն վրայ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումներուն իբրեւ հակադարձութիւն զայրոյթի օրուան ընթացքին երէկ տեղի ունեցան դանակահարումներ, ինքնաշարժի դիտումնաւոր արկածներ եւ հրացանաձգութիւններ, որոնց ընթացքին սպաննուեցան իսրայէլացի երեք բնակեցուածներ, որոնց շարքին ռաբբի մը, իսկ 20 ուրիշներ վիրաւորուեցան: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի երկրորդ կայանը երէկուան օրը նկատեց երրորդ ինթիֆատայի առաջին օրը:

Բռնագրաւուած Երուսաղէմի մէջ ինքնաշարժի արկածի եւ դանակահարման երկու անջատ գործողութիւններու ընթացքին սպաննուեցան իսրայէլացի երեք բնակեցուածներ, որոնց շարքին` ծայրայեղական ռաբբի Եշայիհու Քրիշեֆսքի: 20 ուրիշներ վիրաւորուեցան

Արմոն Հանիցեւ շրջանին մէջ փոխադրակառքի մը մէջ տեղի ունեցաւ դանակահարման եւ հրացանաձգութեան գործողութիւն մը, որ, ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, գործադրուած է երկու անձերու կողմէ: Դանակահարման դէպք մը արձանագրուեցաւ նաեւ Երուսաղէմի Պապ Ամուտ շրջանին մէջ:

Թել Աւիւի հիւսիսը գտնուող Ռահնանայի մէջ եւս դանակահարման երկու գործողութիւններու պատճառով շարք մը իսրայէլացիներ վիրաւորուեցան, իսկ Թել Աւիւի մօտ գտնուող Հաուլունի մէջ բնակեցուած մը դանակահարեց պաղեստինցի մը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Հայֆայի մօտ գտնուող Քիրիաթ Աթայի մէջ հրեայ բնակեցուած մը դանակահարած է այլ բնակեցուած մը` կարծելով, որ ան արաբ է:

Միւս կողմէ, պաղեստինեան առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ այս ամսուան սկիզբէն ի վեր արձանագրուած պաղեստինցի զոհերուն թիւը բարձրացած է 30-ի, որոնց շարքին են 7 մանուկներ, իսկ վիրաւորներուն թիւը բարձրացած է 1500-ի:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.