2015-10-14 09:38:00

Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի 8-րդ եւ 9-րդ ընդհանուր նիստերը։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 5 հոկտեմբերին սկիզբ առած ''Ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհի մէջ'' նիւթով եպիսկոպոս ակն սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերը կանոնաւոր կերպով կը շարունակուին եւ այսօր կ՛աւարտի սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարի երկրորդ գլխաւոր նիւթին քննարկումը` ''Ընտանիքի կոչումին խորթափանցումը'' եւ սկիզբ կը տրուի Գ գլխաւոր նիւթի քննարկումին` ''Ընտանիքի ժամանակակից առաքելութիւնը'' որուն ենթանիւթերն են Ընտանիք եւ աւետարանութիւն։ Ընտանիք, կազմաւորում եւ պետական հիմնարկները։ Ընտանիք ուղեկցութիւն եւ եկեղեցական համալրում։ Ընտանիք, որդեծնութիւն  եւ դաստիարակութիւն։  Որդեծնութեան պատասխանատուութիւնը։ Մարդկային կեանքը անշօշափելի խորհուրդ եւ դաստիարակութեան մարտահրաւէրը ու ընտանիքի դերը աւետարանութեան ի սպաս։

Չորեքշաբթի 14 հոկտեմբերի առաւօտեան տեղի կ՛ունենայ ընդհանուր ութերորդ նիստը որուն ընթացքին լեզուային փոքր խումբերը ներկայացուցին իրենց զեկոյցները հայող` աշխատանքային թղթածրարի երկրորդ գլխաւոր նիւթին, ապա ''Վերջնական Զեկոյցի շարադրումի յանձնախումբը'' իր հաւաքը կը գումարէ վերոնշեալ զեկոյցներու հիման վրայ շարադրելու Բ բաժնի հայող եզրափակիչ զեկոյցը։

Իսկ յետմիջօրէի 9-րդ ընդհանուր նիստի ընթացքին սկիզբ կը տրուի, ինչպէս նշեցինք, աշխատանքային թղթածրարի երրորդ բաժնի քննարկումին` որուն ներկայացումը կը կատարէ ընդհանուր զեկուցողը ապա տեղի կ՛ունենայ վկայութիւն հուսկ սիւնհոդոսական հայրերուն միջամտութիւնները։

Յայտնենք որ վերոնշեալ սովորական ԺԴ սիւնհոդոսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի հինգ ցամաքամասերէն ժամանած 270 սիւնհոդոսական հայրեր որոնց շարքին կարդինալներ, պատրիարքներ, եպիսկոպոսներ, վանականներ, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ աշխարհականներ։ Սիւնհոդոսին կը մասնակցին նաեւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Պոլսոյ  Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ Արհիապատիւ Լեւոն արք. Զէքիեանի։








All the contents on this site are copyrighted ©.