2015-10-14 11:16:00

«Կրօնական Ազատութիւն, ապահովութիւն եւ զարգացում Եւրոպայի մէջ»։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 13 հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Հռոմ, Ճուսթինիանի պալատի Ծաքքարի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որուն նիւթն էր «Կրօնական Ազատութիւն, ապահովութիւն եւ զարգացում Եւրոպայի մէջ»։

Ելոյթ ունեցան՝ Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղարութենէն՝ Գերապայծառ Փօլ Րիչըրտ Կալլակէր՝ Պետութիւններու հետ կապի Քարտուղար, Րաբբի Րիքարտօ Տի Սենյի, Րաբունապետ Հռոմ քաղաքի, Իմամ Եահեա Սերճօ Եահէ Փալլավիչինի՝ Տնօրէն միջկրօնական երկխօսութեան։ Հանդիպումը ղեկավարեց Փաօլօ Մեսսա՝ Տնօրէն Ամերիկեան Ուսումնասիրութեան Կենդրոնի իսկ փակումը կատարեց Ծերակուտական Րոպերթա Փինոթթի՝ Իտալիոյ Պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Գերապայծառ Կալլակէր ողջունեց ներկաները, որոնց կարգին զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Իր բանախօսութեան մէջ Գերպ. Կալլակէր յիշեց, որ եւրոպական համոյթին մէջ, մարդկային իրաւունքներու գաղափարը կը սկսի 18րդ դարէն, ապահովելու նպատակով իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութիւնը, անկախ անոր գաղափարներէն, համոզումներէն եւ կրօնական պատկանելիութենէն։ Այդ ժամանակէն սկսեալ մարդկային իրաւունքներու հաստատումը հիմնուած էր ակնյայտնի նկատուած սկզբունքներու վրայ, որոնք բոլոր մարդկային էակներու համար հասարակաց են։ Սկզբունքներ, որոնք իրենց նշանակութիւնը պահած են մինչեւ այսօր՝ կազմելով մարդկային իրաւունքներու մշակոյթի հիմը։

Սկսեալ Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովէն, նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցին, երկար եւ դժուարին խորհրդածութենէ ետք, ընդունած է յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր պատկեր մը, որ կարելի է որակաւորել իբր «արտաքին»՝ կատարուած այլ կրօնքներու, պետութիւններու եւ առաւել եւս մեր ժամանակի ընկերութեան եւ մշակոյթին հետ։ Նկատի պէտք է առնել, որ Եկեղեցին յարատեւօրէն նորոգումի ընթացքի մէջ է՝ իր ինքնութեան աստուածաբանական խորհրդածութեան կատարումով։ Այս ընթացքը մղած է Եկեղեցին, ընդգրկելու իւրայատուկ յարաբերութիւն մը աշխարհի հետ, պտղաբեր լարումով, որ այսօր տակաւ կը փորձարկուի՝ արժեւորելու համար այն ինչ որ ներկայ քաղաքակրթութիւնը իբր դրական կը ներկայացնէ, եւ քննադատօրէն մօտենալու այն բաներուն, որոնք չեն համապատասխաներ Աւետարանին եւ ուղիղ տրամաբանութեան։

Գերպ. Կալլակէր յիշեց Պենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապի խօսքը, որ կրօնական ազատութիւնը կը նկատէր իբր «իրաւունքներու առաջինը, որովհետեւ, պատմականօրէն, ան հաստատուած է իբր առաջին իրաւունքը, եւ, միւս կողմանէ, իբր առարկայ ունի մարդու կազմութեան տարածքը, այսինքն, անոր յարաբերութիւնը՝ Արարիչին հետ։ Կրօնական ազատութեան մէջ, մարդկային անհատի առանձնայատկութիւնը կը գտնէ իր արտայայտչականութիւնը, որ կրնայ անոր անձնական եւ ընկերային կեանքը կարգաւորել ըստ Աստուծոյ, որուն լոյսին տակ ամբողջութեամբ կ՛ըմբռնէ իր ինքնութիւնը, ինչպէս եւ անհատի իմաստն ու նպատակը»։

Հետեւաբար, կամայական կերպով ժխտել եւ կամ սահմանափակել այսպիսի ազատութիւն մը, կը նշանակէ մարդկային անհատի նուազեցման տեսլական մը մշակել, մթագնել կրօնքի հանրային դերը, կը նշանակէ ստեղծել անարդար ընկերութիւն մը, որ մարդկային ճշմարիտ բնութեան համաչափ չէ. կը նշանակէ անկարելի դարձնել վաւերական եւ կայուն խաղաղութեան մը հաստատումը՝ մարդկային ամբողջ ընտանիքին համար։

Նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապ վերջերս կը հաստատէր՝ թէ կրօնական ազատութիւնը «հիմնական իրաւունք մըն է, որ կը կազմաւորէ այն կերպը՝ որուն մէջ մենք՝ ընկերային եւ անհատական մակարդակի վրայ, կը ներգրաւենք մեր մօտիկները, որոնց կրօնական տեսլականները մերիններէն տարբեր են»։

Ապա Գերպ. Կալլաէըր նկատել տուաւ թէ, Սուրբ Աթոռը մեծ ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ այս հարցի նկատմամբ։ Մտահոգութիւն յայտնեց ի տես վերջերս միջազգային մակարդակի վրայ, նաեւ Եւրոպայի մէջ յայտնուած՝ կրօնական ազատութեան ոչ միայն սահմանափակումը, այլ եւ ակնյայտնի հալածանքը, որուն առաջին, բայց ոչ միակ զոհերն են քրիստոնեաները։ Ոչ միայն բռնատիրական այլ եւ ժողովրդավարական կառոյցներու մէջ կը կատարուին այս հալածանքի արարքներ։ Նաեւ աշխարհայնացած մշակոյթի մը մէջ, ուր կրօնական սկզբունքները կը նկատուին իբր աւանդական, կրօնական ազատութիւնը կը սահմանափակուի, բացառելով կրօնքը հանրային միջավայրէն։

Գերապ. Կալլակէր նկատել տուաւ, որ քրիստոնէութեան պատմական արժանիքն է այն իրականութիւնը՝ տալ Կայսեր այն ինչ որ Կայսեր կը պատկանի եւ Աստուծոյ՝ այն ինչ որ Աստուծոյ կը պատկանի։ Պետութիւն մը պէտք է գիտակցի, թէ կրօնական սկզբունքներ ունեցող քաղաքացին, կ՛ապրի իր խղճին համաձայն, ըլլայ իր անհատական եւ կամ հասարակական կեանքին մէջ։

Միշտ աւելի քրիստոնեաներ կը դառնան զոհ խտրականութեան։ Այս տարւոյն սկիզբէն մինչեւ հիմա Եւրոպայի մէջ քրիստոնեաներու դէմ արձանագրուած են 1520 խտրականութեան եւ անհանդուրժողութեան արարքներ։ Երեւոյթ մը, որ աճի ընթացքի մէջ է։

Յունուարին, Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանային Հաւաքի մը մէջ վաւերացուած է բանաձեւ մը, որուն տիտղոսն է՝ «Եւրոպայի մէջ պայքարիլ անհանդուրժողութեան եւ խտրականութեան դէմ, որ յատկապէս կը ցուցաբերուի քրիստոնեաներու հանդէպ»։ Այս բանաձեւին մէջ պետութիւններու ղեկավարները հրաւիրուած են ձեռք առնելու յարմար միջոցները, Եւրոպայի մէջ ապահովելու համար իւրաքանչիւր անհատի կրօնական ազատութեան ազդու պաշտպանումը, եւ նեցուկ կանգնելու համակեցութեան մշակոյթի մը կազմաւորումին, ընդունելով կրօնական բազմակարծութիւնը եւ կրօնքներու նպաստը՝ ժողովրդավարական եւ բազմակարծիք ընկերութեան մը համար։ Սոյն վաւերաթուղթին մէջ յիշատակուած են նաեւ աշխատանքային պայմանները եւ զաւակներու դաստիարակութիւնը ըստ իւրայատուկ կրօնական համոզումներու։

Նաեւ Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Խորհուրդը, սկիզբէն ի վեր, 40 տարի շարունակ, կրօնական ազատութեան պահպանումը նկատած է իր քաղաքականութեան իբր հիմնական իրաւունք մը, յօգուտ ցամաքամասի խաղաղութեան եւ կայունութեան։

1975 Հելսինքիի մէջ որդեգրուած է համաձայնութիւն մը, երաշխաւորելով կրօնական ազատութեան բացայայտ ընդունումը մասնակցող պետութիւններու կողմէ. նկատի առնելով, որ այդպիսի հիմնական իրաւունքի մը մէջ կը կայանայ ժողովրդավարութեան ազատութեան եւ պահպանումի երաշխիքը։

Գերպ Կալլկէր, վերջապէս շեշտած է, թէ կրօնական ազատութեան պահպանումը պէտք է ըլլայ առաջնահերթ նպատակ մը, հակասելով կրօնական որեւէ խտրականութեան։ Ան ապա մէջբերում կատարեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամէն յիշելով՝ թէ «Կրօնք եւ ընկերութիւն, կոչուած են իրար լուսաւորել փոխադարձաբար, իրարու նեցուկ կանգնելով, եւ, եթէ հարկաւոր է, մաքրելով զիրար գաղափարախօսական ծայրայեղութիւններէ, որոնց մէջ կրնան սայթաքիլ»։ Սուրբ Աթոռը միշտ ուղիղ երկխօսութիւն կը մշակէ՝ թէ՛ այլ կրօնքներու եւ թէ՛ պետութիւններու հետ։ Այսպիսի երկխօսութիւն մը կարեւոր է, յատկապէս բազմաբեւեռ ընկերութեան մը մէջ։ Եթէ կրօնքները խնդիրներու լուծման մաս չեն կազմեր, ինքնին կը վերածուին խնդիրներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.