2015-10-13 09:42:00

Ֆրանսախօս Երկիրները ըդնունած են ՀՀ-ի մշակած Ցեղասպանութիւններու կանխարգելման բանաձեւը։


Երեւանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան նախարարական համաժողովի ժամանակ ընդունուած է 5 բանաձեւեր, որոնցմէ 3-ը` Հայաստանի նախաձեռնութեամբ: Անոնցմէ մէկը կը վերաբերի ցեղասպանութիւններու կանխարգելման: Այս մասին Հոկտեմբեր 12-ին` ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայել Ժանի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ, ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:

Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ համաժողովի ընթացքին ընդունուած բանաձեւերէն մէկը միտուած է ցեղասպանութիւններու կանխարգելման, անիկա կոչ է` ուղղուած ամբողջ աշխարհին` այլեւս երբեք թոյլ չտալ նոր յանցագործութիւններու, ցեղասպանութիւններու:

«Մենք բաւական ջերմ հանդիպում եւ զրոյց ենք ունեցել: Դա յաջող նախարարական համաժողով էր: Կը ցանկանայի նշել, որ այդ նախարարական համաժողովը նաեւ լաւ հարթակ է երկկողմ հանդիպումների անցկացման համար: Ես ինքս, օգտուելով առիթից, մօտ 25 հանդիպում եմ անցկացրել»,- նշած է Նալպանտեանը: Նախարարին խօսքով` Ֆրանքոֆոնիայի անդամ երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարներուն հետ շարք մը փաստաթուղթեր ստորագրուած են: «Հայաստանը եւս մէկ անգամ հաստատեց Ֆրանքոֆոնիայի նպատակներին եւ արժէքներին հաւատարիմ մնալու որոշումը»,- նշած է արտաքին գործոց նախարարը:

Էդուարդ Նալպանտեան Միքայել Ժանին Հայաստանի ԱԳՆ ոսկէ շքանշան յանձնած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու 31-րդ նստաշրջանը կազմակերպելու գործին մէջ իր ունեցած աւանդին համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.