2015-10-13 08:46:00

Ուկանտայի եպիսկոպոսները կը յորդորեն աղօթքով պատրաստուիլ Պապին այցելութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուկանտայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը՝ գերապայծառ John Baptist Odama յանուն եպիսկոպոսական դասին, պատգամ մը ուղղած է հաւատացեալներուն հրաւիրելով զանոնք հոգեւորապէս պատրաստուիլ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին առաքելական այցելութեան որ նախատեսուած է յառաջիկայ 27-29 Նոյեմբեր 2015ին։

Եպիսկոպոսները Սրբազան Հօր առաքելական այցելութիւնը որակած են որպէս ''առանձնաշնորհում''։ Պատգամին մէջ անոնք կը յիշեցնեն որ ասիկա երրորդ Քահանայապետն է որ երկիրը կ՝այցելէ Պօղոս Զ ու ՅՊԲ ետք։  ''Այդ պատճառաւ ամէնքս կանչուած ենք պատշաճօրէն  պատրաստուիլ աղօթքով, ապաշխարութեամբ ու եղբայրսիրական ներգործութիւններ կատարելով, ինչպէս որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս սիրեց ու պատուիրեց մեզի իրարու ներել ու իրար զիրար սիրել'' կը գրեն Եպիսկոպոսները։ Ուկանտայի եկեղեցին այսօր կը հաշուէ 15 միլիոն կաթողիկէ հաւատացեալներ։ Եկեղեցին մեծապէս նպաստած է երկրի ընկերային բարեփոխումին շնորհիւ իր դպրոցներուն, հիւանդանոցներուն ու մարդկային բարգաւաճումի ծրագիրներուն։

''Սրբազան Հօր գալուստը բարեբեր առիթ մըն է խորհրդածելու եկեղեցւոյ առջեւ ներկայացող մարտահրաւէրներուն, ինչպէս՝ ամուսնութեան ու ընտանիքին  սրբութիւնը, մեր երկրին բարոյական ծաւալը'' կը յայտնեն եպիսկոպոսները ապա իւրացնելով Պօղոս Զ-րդ Պապին յորդորը` ''դառնալ ճշմարիտ առաքեալներ'' կը հաստատեն թէ  այդ իրագործելու համար հարկաւոր է լաւ ճանչնալ Աւետարանը ու եկեղեցւոյ ուսուցումը։

Ուկանտայի եպիսկոպոսներու պատգամը կ՝եզրափակուի մաղթելով որ ֆրանչիսկոս քահանայապետին այցելութիւնը դառնայ բարեբեր առիթ` աճումին,  վերանորոգումին ու հաւատքի ամրապնդումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.