2015-10-13 08:24:00

Յարձակում Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին դէմ


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը տեղեկացուցած է, որ անյայտ անձեր քարերով յարձակում գործած են Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին դէմ: Յարձակումը գործուած է 10 հոկտեմբերի երեկոյեան` շուրջ 20 հոգինոց խումբի մը կողմէ: Յարձակումէն անմիջապէս ետք դէպքի վայր հասած են ոստիկանները:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան «Ակօս»-ին յայտնած է, որ տակաւին յայտնի չէ, թէ յարձակում գործողները որո՞նք են եւ ի՞նչ նպատակ հետապնդած են: Կատարուածին առնչութեամբ հետաքննութիւնը կը շարունակուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.