2015-10-13 09:20:00

''Իսկական առաքելութեան համար հարկ է սիրել Յիսուսն ու ժողովուրդը'' Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Առաքելութիւնը Յիսուսի հանդէպ սէրէն անդին` սէր է նաեւ անոր ժողովուրդին''. Ֆրանչիսկոս Պապին մէկ խօսքն է այս, որ պարունակուած է Անոր պատգամին մէջ, ուղղուած` Արժանթինի Սանթիակօ տէլ  Էսթերոյի մէջ կայացած Միսիոնարներու Դ ազգային հաւաքին 2200 մասնակցողներուն, որոնք իրենց հաւաքին որպէս նիւթ բնաբան են ''Առաքելութիւնը` կեանքի ապրելակերպ'' նիւթը։

''Առաքեալներ ըլլալու համար, կը գրէ Քահանայապետը, նախ քան հռչակելը ու հաղորդելը հարկ է տեսնել։ Տեսնել Յիսուսը որ փոքր դարձաւ մեր տկարութիւններուն մօտիկ ըլլալու համար, որ մեր մահկանացու մարմինը առաւ անոր անմահութիւն տալու համար եւ որ ամէն օր մեզի կ՛ընդառաջէ մեր հետ քալելու համար ու իր բարեկամական ձեռքը երկարելու` երբ դժուարութեան մէջ կը գտնուինք''։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ` պատգամին մէջ կը յորդորէ չմոռնալ երբեք Յիսուսի հետ առաջին հանդիպումը, եւ ուրախութիւնը որ ապրեցանք երբ ընդունեցանք առաջին աւետիսը'', ծնողներու, մեծ հայրերու եւ մեծ մայրիներու ու կրօնուսոյցներու միջոցաւ։ Ան ապա կը յանձնարարէ չդադրիլ աղօթելէ ուրիշներուն ու մէկը միւսին  համար ու փոխադարձաբար իրարու թիկունք կանգնելու աղօթքով։

Քահանայապետը ապա հրաւէր կ՛ուղղէ Յիսուսին նայելու ''քնքշութեան, հասկացողութեան եւ ողորմութեան հայեացքով'' որ մեզ կը մղէ դպչելու Յիսուսին որ կը գտնուի մեր կարիքաւոր եղբայրներուն մէջ''։ Յիսուսը տեսնել ուրիշին մէջ կը բիւրեղացնէ սիրտը, զայն կ՛ազատագրէ եսասիրութենէն ու աշխարհային որեւէ իղձէն''։

Քահանայապետը պատգամը կ՛եզրափակէ քաջալերելով ներկաները շարունակելու կերտել ''դէպի դուրս'' Եկեղեցի մը եւ գործել ''հաղորդելով երջանկութիւնը զոր Տէրը դրաւ մեր սրտերուն մէջ''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.