2015-10-13 11:54:00

''Ինչ որ փափաքէիք որ մարդիկ ընեն ձեզի նոյնը դուք ըրէք անոնց''։


«Ձեր սրբութիւնները մի՛ տաք  շուներուն եւ ձեր մարգարիտները մի՛ նետէք խոզերուն առջեւ, որպէսզի զանոնք ոտքի կոխան չընեն եւ չդառնան եւ ձեզ չյօշոտեն»: «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք եւ պիտի գտնէք, բախեցէք եւ պիտի բացուի ձեզի: Այսպէս ուրեմն, ինչ որ կ՛ուզէք, որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ նոյնն անոնց ըրէք, որովհետեւ այս իսկ են Օրէնքն եւ Մարգարէները»: (Մտթ7, 6-8)

Լեռան քարոզին մէջ Յիսուս ուզեց բացատրել իր առաքեալներուն եւ հրեայ ժողովուրդին թէ ինչ բանին մէջ կը կայանայ իր թագաւորութիւնը որ է սիրոյ եւ մտերմութեան Աստուծոյ եւ անձնասիրութեան դէմ թագաւորութիւն մը: Եթէ կը փափաքիմ անդամ դառնալ անոր, պարտիմ Աստուծոյ ծառայել եւ հրաժարիլ ամէն բանէ: Իր քարոզին աւարտին, Յիսուս կ՛աւելցնէ 3 յանձնարարութիւններ.

- Առաջինը այն պատգամն է զոր պէտք եմ յարգել եւ ապրիլ «Ձեր մարգարիտները մի նետէք խոզերուն», այսինքն մկրտութիւնը եւ միւս խորհուրդները ստանալէս ետք, (որոնք զիս կատարեալ անդամ դարձուցին քրիստոնէութեան կեանքին, ունենալով մեծ եւ ճշմարիտ գանձ մը), պէտք եմ ուշադրութիւն ընել անոր որպէսզի չկլանիմ աշխարհիս  հաճոյքներուն մէջ, ինչպէս մարմնական  ցանկութիւնները, հպարտանքը որոնք կը նկատուին որպէս իսկական ներքին եւ արտաքին խոզեր եւ աղտոտութիւններ իմ կեանքիս:

Երբեք պէտք չեմ տնտնալ հոգեւոր կեանքիս մէջ եւ մտնել ցեխին մէջ իբրեւ թէ կորսուած ըլլամ անհաւատ եւ անմաքուր մարդոցմէ, այլ ինծի պէտք է մնայ որպէս մարգարիտ մը որ զայն մեծ ուշադրութեամբ պահելու եմ անաղարտ եւ ապահով ձեւով:

- Երկրորդ յանձնարարութեան մէջ, Յիսուս մեզի կ'ըսէ «ինչ որ կը փափաքիք որ ուրիշները ընեն ձեզի, դուք իրենց ըրէք»: Ասոր մէջն է որ կը համառօտուի նոր օրէնքը եւ մարգարէները: Մեր մկրտութեան օրը մեր՝ կամ կնքահօր կամ կնքամօր ձայնով խոստացանք սիրելու զԱստուած եւ ընկերս. որքան դժուար է պահել այս խոստումը: Բարեբախտաբար Յիսուս իմ մէջս կ'ապրի մկրտութենէն ի վեր եւ այսպէսով ինծի շնորհքը եւ ուժը կու տայ սիրելու ամէնքը իմ անձիս պէս, այսինքն Քրիստոսի սէրը ունենալ:

Սրբուհի Թէրէզան մեզի այսպէս կը բացատրէ այս կապը. «Երբ Աստուած իր ժողովուրդէն խնդրեց որ սիրէ իր ընկերը իրեն պէս, դեռ աշխարհ եկած չէր եւ չէր կարծեր որ այս սէրէն աւելի մեծ բան մը կրնայ ըլլալ այս աշխարհին վրայ. բայց երբ Յիսուս աշխարհ եկաւ, նոր օրէնք մը տուաւ իր առաքեալներուն. այլեւս պէտք չէ միայն ընկերը սիրել իրեն պէս, այլ ինչպէս որ Քրիստոսը մեզի սիրեց եւ թէ ինչպէս պիտի սիրէ մինչեւ աշխարհիս կատարումը:

- Երրորդ յանձնարարութեան մէջ, Յիսուս մեզի կը խօսի նեղ ճամբուն եւ բաց դրան մասին որոնցմէ պէտք ենք անցնիլ հասնելու իր փառքին եւ արքայութեան: Հոս Յիսուս զիս կը հրաւիրէ առանց վախի առնելու այս ճամբան եւ մտնելու իր դռնէն: Միեւնոյն ձեւով զիս կը զգուշացնէ թէ դիւրին պիտի չըլլայ իմ առած որոշումս որովհետեւ ինձմէ կը պահանջուի օրական պայքար  մղել` Տիրոջ հաւատարիմ մնալու համար: Աստուած կը փորձէ այն մարդիկը որոնք կը սիրուին իրմէ բայց երբեք զիրենք չի լքեր: Սուրբ Պենետիկտոսը իր դրած օրէնքներուն մէջ կ'ըսէր. «Աստծոյ ճանապարհը առնելու սկիզբը անձուկ կ՛երեւի մեզի, դժուար է քալել անոր վրայ եւ սակայն սէրը մեզի կու տայ նորանոր եւ աւելի զօրաւոր ուժ մը որպէսզի ուրախութեամբ անցնինք դէպի երկինք: Որքան որ մենք հոգեւոր կեանքի եւ հաւատքի մէջ գտնուինք աւելի կը զգանք սիրոյ անուշութիւնը եւ աւելի կարճ կը տեսնենք պատուէրներու ճանապարհը: Ո՜վ Տէր, Աստուածամօր  բարեխօսութեամբ կը խնդրեմ քեզմէ որպէսզի արքայութեանդ դռները բանաս իմ առջեւս: Թող քու արքայութիւնդ մտնէ իմ եւ քու սիրած սրտերուն մէջ: Ամէն:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.