2015-10-12 09:38:00

''Նամակ Քաղաքին'' Հռոմի թեմի կոչը ուղղուած Հռոմ Քաղաքին


Ողորմութեան  յոբեիլնական Սուրբ Տարուայ նախօրեակին, Հռոմի թեմը ''Նամակ Քաղաքին'' վերտառութեամբ կոչ մը պիտի հրատարակէ որ մամուլին պիտի ներկայացուի յառաջիկայ 5 նոյեմբերի առաւօտեան 11,30-ին, Հռոմի թեմի ''կարմիր դահլիճին'' մէջ, որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ  Հռոմի թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինի։

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7.30-ին, Հռոմի Սան Ճիովաննի Ին Լաթերանօ տաճարին մէջ Կարդինալ Ակոթինօ Վալլինի` նամակը ապա կը ներկայացնէ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն, համալսարանական եւ դպրոցական  աշխարհին, քաքաքացիական ընկերութեան ու բնականաբար Հռոմվէացաի կաթողիկէ աշխարհականներուն։ 

''Նամակ Քաղաքին'' ուղղաուծ է ոչ միայ եկեղեցական, կրօնաւորկան անձնաւորութիւններուն այլ բոլոր քաղաքացիական  հաստատութիւններուն  ու Հռոմ քաղաքին բնակիչներուն։ Նամակը պտուղն է`  Կարդինակ Ակոսթինօ Վալլինիի նախագահած հովուական խնամակալութեան խորհուդի` մէկ ու կէս տարուայ աշխատանքին։

''Նամակ Քաղաքին'' կոչը ծնունդ առաւ` Եկեղեցւոյ Քաղաքին մէջ ներկայութեան ու անոր հանդէպ պատասխանատութեան մասին խորհրդածութենէ մը'' յայտնեց Կարդինալ Վալլինի։ Յանձնառում մը որ նոր իմաստ կը ստանայ նա մանաւանդ Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն առթիւ։

Նամակը, բողոք մը չէ այլ ''ներկայ իրավիճակին ուսումնասիրութիւն, մաանակցելու համար քաղաքին ապրած դժուարութիւններուն''։ Բազմաթիւ են նամակին մէջ քննարկուած նիւթերը` նոր տեսակի աղքատութիւնները, գաղթականներու  հիւրնկալութեան ու անոնց ընկերութեան մէջ ներմուծման հարցերը,  մինչեւ  Քաղաքական նոր պատասխանատուներու կազմավաւորումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.