2015-10-12 09:46:00

Կարդինալ Փարոլին Իրաքի նոր առաքելական նուիրակը եպիսկոպոս կ՝օծէ ս. Պետրոսին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Իրաքի քրիստոնեաները եկեղեցւոյ, Պապին ու Ս. Աթոռին սրտին մէջ են, ըսաւ Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը կարդինալ Փարոլին,  անցեալ 10 հոկտեմբերին, ս. Պետրոս պազիլիքային մէջ, Իրաքի ու Յորդանանի նոր առաքելական դեսպան` գերապայծառ Alberto Ortega Martín-ի եպիսկոպոսական օծման արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։

Պետական քարտուղարը մատնանշեց Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Իրաքի քրիստոնեայ հասարակութեան հաւատքի շինիչ վկայութեան մասին։

Առաքելական դեսպանին ներկայութիւնը Իրաքի մէջ  պերճախօս նշան մըն է որ եկեղեցին բնաւ չթողուր իր որդիները երբ անոնք դժուարութեան մէջ կը գտնուին։ Անոնց հետ կ՜ապրի ու կը տառապի։ Անոնց  համար կ՜աղօթէ ու կը զօրակցի ըսաւ Կարդինալ Փարոլին ապա ընդգծեց որ Իրաքի քրիստոնեայ համայնքը պարտադրուեցաւ հեռանալ տունէն, հրաժարիլ իր ստացուածքէն ու թողուլ իր հայրենիքը, հաւատարիմ մնալու իր հաւատքին, մկրտութեան խոստումներուն եւ կառչած մնալու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին։

''Եկեղեցին յաչս իր որդիներու հաւատքի վկայութեան ու տառապանքին մշտատեւ կ՝աղօթէ  ու կ՝աշխատի կասեցնել բռնաբարներու մահաբեր ձեռքը ու վերջ դնել անարդարութիւններուն'' հաստատեց Վատիկանի Պետական Քարտուղարը։

Նշենք որ 52 տարեկան գերապայծառ Alberto Ortega Martín ծնած է Մատրիտ։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 28 Ապրիլ 1990-ին։ Իրաւագէտ եւ 1997-էն ասդին մաս կը կազմէ Ս. Աթոռի դիւանագիտութեան։ Ան ծառայած է Նիքարակուա, Հարաւային Ափրիկէ եւ Լիբանան։ Ան կը յաջորդէ գերապայծառ Giorgio Lingua-ին, որ ներկայիս կը պաշտօնավարէ որպէս առաքելական դեսպան Քուպայի մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.