2015-10-12 09:15:00

Թուրքիա. Անգարայի պայթումներէն ետք սուգ­, զայրոյթ եւ ցոյցեր։


(Ռատիօ Վատիկան) Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ Հոկտեմբեր 10-ի առաւօտեան Խաղաղութեան հանրահաւաքի ժամանակ տեղի ունեցած հզօր պայթումներուն հետեւանքով զոհուած է 128 քաղաքացի մինչ կառավարութեան տուեալներու համաձայն զոհուածներու թիւը 95-է։ :

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 10-ի առաւօտեան Անգարայի երկաթուղագծի կայարանի շրջանը տեղի ունեցող Ժողովրդական ժողովրդավարական կուսակցութեան խաղաղ հանրահաւաքի ընթացքին որոտացած է 2 պայթում:

Թրքական մամուլը թարգմանը հանդիսացած է դէպքին նկատմամբ սուգին եւ զայրոյթին: Աշխարհիկ «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի առաջին էջին խորագիրը եղած է «Խաղաղութիւնը կը սգանք», «Հապերթիւրք» օրաթերթին խորագիրը` «Վատոգի մարդիկ յարձակում կը գործեն Անգարայի մէջ», իսկ կառավարամէտ «Սթար» օրաթերթինը` «Նպատակը ժողովուրդը մասնատելն է»:

Յայտնենք  որ Ֆրանչիսկոս Պապ` Թուրքիոյ նախագահին ուղղած մէկ հեռագիրով իր խոր ցաւը յայտնած է ի տես ''սարսափելի ոճիրին'' ու դատապարտած է այդ ''բարբարոսական արարքը'' բոլոր ընտանիքներուն յայտնելով իր հոգեւոր մօտիկութիւնը։

Մեռեալներու յիշատակը յարգելու համար հազարաւոր մարդիկ ցոյցեր կազմակերպեցին Անգարայի մէջ, մեղադրելով Էրտոկանը եւ կառավարութիւնը որպէս ոճիրին պատասխանատուներ, մինչ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն յայտնած է, որ յանցագործը կրնայ ՏԱՀԵՇ-ը, ՔԱԿ-ը կամ ծայրայեղ ձախակողմեան արմատականներ ըլլալ:

Ըստ «էխօ Մոսկուի»-ի՝ թրքական ոստիկանութիւնը յայտնաբերած է 25-30 տարեկան տղամարդ մահապարտ ահաբեկիչի մարմնի մասերը:

Մինչ այդ թրքական օդանաւային ուժերը առիթէն օգտուելով հարուածեցին Քիւրտական շրջանները սպաննելով 49 անհատներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.