2015-10-12 12:12:00

Ազատ արձակուած է Սուրիոյ մէջ Մար Էլիան վանքին մեծաւոր Հայր Մուրատը։


(Ռատիօ Վատիկան)՝՝Հայր Մուրատ ազատ արձակուած է՝՝, այս խօսքերով է որ Սուրիոյ մօտ Պապական նուիրակ Գերապայծառ Մարիօ Զէնարի՝ կիրակի 10 հոկտեմբերին Ասիա Նիւզին լրատուական գործակալութեան հաղորդեց լուրը Հայր Մուրատի ազատագրումին, հաստատելով թէ Ինք հեռաձայնային կապ պահած է անոր հետ եւ թէ Հայր Մուրատ  առողջական լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի։

Հայր Մուրատ անուանի էր Սուրիոյ մէջ Քրիստոնեաներու եւ Մահմետականներու միջեւ  միջ-կրօնային երկխօսութեան գործունէութեամբ։ Ան միաբանակից էր առեւանգուած եւ տակաւին ճակատագիրը անյայտ Հայր Փաուլօ Տալլ Ալիօյի միաբանութեան։ Հայր Մուրատ  առեւանգուած էր Սուրիոյ մէջ անցեալ Մայիսին Մահմետական ծայրայեղական խմբաւորումներու կողմէ։ 

Տեղական աղբիւրներու համաձայն Հայր Մուրատ՝ ազատ արձակումէն անմիջապէս ետք սուրբ Պատարագի զոհը մատուցած է  եւ այժմ կը գտնուի Զայտալ գիւղին մէջ, Հումս Քաղաքէն 5 Քմ հեռաւորութեան վրայ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.