2015-10-11 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 11 հոկտեմբեր 2015-ի կէսօրին, աւանդութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն մը ներշնչուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն որ քաղուած էր Մարկոսի աւետարանի 10-րդ գլուխէն, ու կը պատմուի Յիսուսի երեք Հայեացքներուն մասին, որոնց առաջինը ուղղուած է հարուստ երիտասարդի մը որ կը դիմէ Յիսուսին որպէս ''Բարի Վարդապետ'' Անոր հարց տալով թէ ի՞նչ ընելու է ժառանգելու համար երկնքի արքայութիւնը եւ Յիսուս անոր կը յանձնարարէ պահել պատուիրանները եւ երիտասարդը կ՛ըսէ թէ ինք մանկութենէն ի վեր արդեն այդ բոլոր կ՛ընէ. ''Յիսուս նայեցաւ անոր ու սիրեց զինք'' եւ աւելցուց ''մէկ բան կը պակսի քեզի գնա ծախէ բոլոր ինչքերդ, բաժնէ աղքատներուն ու հետեւէ ինծի''։ Այս խօսքերուն վրայ երիտասարդին դէմքը կը մռայլի ու տխուր կը հեռանայ։ Անոր սիրտը ունէր երկու Տէրեր` Աստուած ու Դրամը ըսաւ Քահանայապետ ու անդրադարձաւ Երկրորդ հայեացքին որ  ''մտահոգ  հայեցաք'' է ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը,  Յիսուս շուրջը նայելով ըսաւ իր աշակերտներուն ''Որքան դժուար պիտի ըլլայ հարուստներու մուտքը Աստուծոյ Արքայութեան մէջ'' ու աշակերտներու զարմանքի դիմաց` Յիսուս անոնց կ՛ուղղէ քաջալերանքի Հայեացք մը, երորդը` յայտնելով թէ ''Մարդու համար այդ մէկը անկարելի է բայց ոչ Աստուծոյ''։ Եթէ մենք զմեզ յանձնենք Տիրոջ կրնանք բոլոր պատնէշները գերազանցել, յարեց Նորին Սրբութիւնը ու աւելցուց ''Յիսուս կը հաստատէ.  Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, ով որ ինծի հետեւելու համար թողու ամէն ինչ, այժմէն իսկ պիտի ընդունի հարիւրապատիկը ու հանդերձեալ աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանքը''։

Միայն խոնարհ երախտագիտութեամբ ընդունելով  Տիրոջ սէրը կ՛ազատինք կուռքերու գայթակղութիւններէն եւ պատրանքներու կուրութենէն։ Դրամը, հաճոյքը, յաջողութիւնները շլացուցիչ են, կեանք կը խոստանան, սակայն մահ կը պատճառեն։ Տէրը մեզմէ կը խնդրէ այս կեղծ հարստութիւններէն բաժնուիլ` մտնելու համար իսկական կանքին մէջ, լիակատար կեանք, իսկական ու լուսաւոր։

''Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզի օգնէ բանալու համար մեր սիրտը Յիսուսի սիրոյն` միակը որ կրնայ յագեցնել մեր երջանկութեան ծարաւը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը ապա արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը որմէ ետք, կոչ ուղղեց դատապարտելով Թուրքիոյ մէջ պատահած ահաբեկչական արարքը ու աղօթելով այդ արարքի զոհերուն համար։ Ան ապա  ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները վերյիշելով թէ 13 հոկտեմբերին պիտի նշուի ''բնական աղէտներու'' վերացումի միջազգային օրը, հաստատելով թէ այդ աղէտները հետեւանքն են կենսոլորտի հանդէպ ուշադրութեան եւ խնամակալութեան պակասին, ու հրաւէր ուղղեց ''հասարակաց տան'' ի սպաս աւելի յանձնառում ցուցաբերելու կանխարգիլելու համար այդ աղէտները։ 

Նորին Սրբութիւնը ապա ողջունեց հրապարակը համախմբուած զանազան խումբերը եւ բոլորէն հրաժեշտ առաւ անոնց մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.