2015-10-11 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքն ու ցաւակցական հեռագիրը Թուրքիոյ նախագահին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի տես` շաբաթ 10 հոկտեմբերին, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող ահաբեկչական պայթումին ու անոր պատճառած բազմաթիւ զոհերուն, Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիր յղեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին, որուն մէջ  յայտնեց Ֆրանչիսկոս  Քահանայապետին խոր ցաւն ու կսկիծը ի լուր մարդկային կեանքի կորուստներուն եւ բազմաթիւ վիրաւորներուն ապա արտայայտեց Սրբազան Պապին զօրակցութիւնը ողբերգութեան թիրախ բոլոր զոհերուն։

''Մինչ Սրբազան Քահանայապետը կը դատապարտէ այս բարբարոսական արարքը, ձեզմէ կը խնդրէ որ այս ցաւալի պահուն, իր հոգեւոր մօտիկութիւնը փոխանցէք, արարքի թիրախ բոլոր ընտանիքներուն ինչպէս նաեւ շտապ օգնութեան, ապահովական եւ վիրաւորները խնամող անձնակազմին'' գրեց Կարդինալ Փարոլին ու հեռագիրը եզրափակեց` Ամենակալի սիրալիր ողորմութեան յանձնելով զոհերու հոգիները ու հայցելով Աստուածային զօրութիւնն ու խաղաղութիւնը անոնց ու անոնց ընտանեկան պարագաներու վրայ։

Բացի վերոնշեալ հեռագիրէն, կիրակի 11 հոկտեմբերին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները ըսաւ, ''երէկ մեծ ցաւով իմացանք լուրը Անգարայի մէջ պատահած այդ ահաւոր  ողբերգութեան։ Ցաւ բոլոր զոհերուն համար։ Ցաւ` վիրաւորներուն համար։ Ցաւ` որովհետեւ ահաբեկիչները հարուածեցին անմեղ անձինք որոնք խաղաղութեան համար ցոյց կը կատարէին։ Մինչ կ՛աղօթեմ այդ սիրալիր Երկրին համար, Տիրոջմէ կը խնդրեմ որ ընկալէ զոհերուն հոգիները ու մխիթարէ անոնց տառապող ընտանիքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.