2015-10-11 11:29:00

Վերջ գտան Սիւնհոդոսի առաջին շաբթուայ աշխատանքային նիստերը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 10 հոկտեմբերի երեկոյեան վերջ գտան Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի առաջին շաբթուայ աշխատանքային նիստերը, որոնք սկիզբ առած էին անցեալ երկուշաբթի` 5 հոկտեմբերին եւ որուն ընթացքին քննարկուեցաւ ''աշխատանքային թղթածրարի'' առաջին բաժնի նիւթը` Ընտանիքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները'' ապա սկիզբ տրուեցաւ երկրորդ բաժնի քննարկումին` Ընտանիքի կոչումը։

Այս առընչութեամբ տեղի ունեցած առօրեայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, շաբաթ 10 հոկտեմբերին. Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի յայտնեց թէ աշխատանքային թղթածրարի երկրորդ բաժնի մասին տեղի ունեցան աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած եպիսկոպոսներու` 75 ելոյթներ, որոնց ընթացքին խօսուեցաւ անշուշտ ընտանիքի մասին որպէս դրսեւորում  Եկեղեցւոյ որոշիչ ներկայութեան` իրականութեան եւ պատմութեան մէջ։ Ընտանիքը որպէս դրսեւորում, ուստի` Եկեղեցւոյ ուշադրութեան արժանի, անոր իրականութեան, պատմութեան եւ ընկերութեան հետ յարաբերութեան առումով. Ընտանիքը որպէս մարդկայնութեան, հասարակականութեան, եկեղեցական կեանքի եւ սրբութեան դպրոց։

Խօսուեցաւ ապա ընտանիքի հոգեւորութեան մասին, ինչպէս ապրիլ հոգեւորականութիւնը ընտանիքի ներքոյ, ինչպէս ապրիլ հաւատքը առօրեային մէջ` եկեղեցւոյ խորհուրդներու մասնակցութեամբ ու աղօթքով. Ընտանիքի կոչումը որպէս պատասխան Աստուծոյ կոչին, կոչում մը որ Աստուծոյ առջեւ ստորադաս չէ քահանայական ու հոգեւոր կեանքի կոչումին։

Խօսուեցաւ ապա Ընտանիքի միսիոնարականութեան մասին եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ու անոր յատկացուած ո­ւ յատկացուելիք հովուական խնամակալութեան, եւ դժուար կացութեան մէջ ապրող ընտանիքներուն օգնութիւն մատուցելու հարկաւորութեան մասին։

Շօշափուած նիւթերու շարքին էր նաեւ ողորմութեան նիւթը։ Ողորմութիւնը որ կ՛արտայայտուի մօտիկութեան ու քնքշութեան միջոցաւ, ընտանիքի մէջ։ Ապա Եկեղեցւոյ հիւրընկալութեան արտայայտութիւնը` բոլորին հանդէպ, բոլոր ընտանիքներուն նկատմամբ, նոյնիսկ անոնց որոնք դժուար կացութեան մէջ են։ Հռչակել Աւետարանը եւ մարդիկը ողջագուրել։ Աւետարանութիւն եւ հիւրընկալութիւն որպէս հովուական խնամակալութեան վկայութիւն։

Խօսուեցաւ ապա ամուսնութեան անլուծանելիութեան մասին, այր մարդու ու կնոջ միջեւ սիրոյ ու միութեան մասին ապա տարբեր դաւանանքներու եւ կրօններու պատկան զոյգերու միջեւ ամուսնութեան մասին, ու միջ կրօնական յարաբերութիւններու մասին։

Սիւնհոդոսական հայրերը անդրադարձան ապա գաղթականութեան ու աղքատութեան երեւոյթներու մասին եւ ընտանիքներու` բարիի դաստիարակութեան պարտականութեան մասին, ի տես որոշ ընտանիքներու մէջ զաւակներուն չար օրինակ հանդիսանալու իրականութեան։

Սիւնհոդոսի նիստերու նիւթ հանդիսացան ապա զինուորներու ընտանիքները ու անոնց ապրած իրականութիւնը, հուսկ երիտասարդները ու անոնց սուրբ պսակի խորհուրդին մօտենալու պատշաճ պատրաստութեան հարկաւորութիւնը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.