2015-10-09 10:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Սիւնհոդոսի կոչն ու աղօթքը Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 9 հոկտեմբերին,  առաւօտեան, տեղի կ՛ունենայ ընտանիքի մասին սիւնհոդոսի ընդհանուր չորրորդ նիստը, որուն բացումը կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապը սիւնհոդոսական հայրերուն ուղղելով հրաւէր` ժամասացութեան աղօթքի որպէս դիտաւորութիւն ընտրելու Միջին Արեւելքի մէջ հաշտութեան ու խաղաղութեան հաստատումը։

Սիւնհոդոսական սիրելի հայրեր, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր­, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, այս առաւօտ վերսկսելով Ընդհանուր նիստերու աշխատանքները, կ՛ուզէի ձեզ հրաւիրել Երրորդ Ժամու ժամերգութեան աղօթքը նուիրելու Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ու հաշտութեան դիտաւորութեան։

Ցաւով ու մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւինք Սուրիոյ, Իրաքի, Երուսաղէմի եւ Անդր յորդանանի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ուր ակնատէս ենք բռնութիւններու սրումին որ կը հարուածէ անմեղ քաղաքացիները ու կը շարունակէ յառաջացնել  մարդկայնական ծաւալուն տագնապը։

Պատերազմը միայն աւէր կը յարուցէ ու կը բազմապատկէ ժողովուրդներուն տառապանքը, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ` ''Յոյսն ու զարգացումը կարելի են միայն խաղաղութեան ընտրանքով''։

Միանանք ուրեմն ուժգին ու վստահելի աղօթքով Տիրոջ. Աղօթք մը որ ըլլայ միաժամանակ մօտիկութեան արտայայտութիւն այստեղ ներկայ գտնուող շրջանի մեր եղբայր Պատրիարքներուն ու եպիսկոպոսներուն, անոնց քահանաներուն եւ հաւացեալներուն - հրաւէր ուղղեց Քահանայապետը ապա ''Սիւնհոդոսի հետ միասին'', կոչ ուղղեց Միջազգային հասարակութեան, ''որպէսզի արդիւնաւէտ լուծումներ որոնէ` օգնելու համար կողմերը որպէսզի իրենց հորիզոնները ընդլայնեն իրենց անմիջական շահերէն անդին եւ օգտագործելու համար միջազգային օրէնքի ու դիւանագիտութեան բոլոր միջոցները` տիրող հակամարտութիւններու լուծման ի սպաս։

Ի վերջոյ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, կը խնդրեմ որ մեր աղօթքը յատկացնենք նաեւ Ափրիկեան ցամաքամասի այն վայրերուն, որտեղ տեղի ունին հակամարտութեան նման իրողութիւններ։ Բոլոր մեր այս դիտաւորութիւններուն համար մեզի բարեխօս ըլլայ Մարիամը, խաղաղութեան Թագուհին ու իր զաւակներուն բարեգութ Մայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.