2015-10-09 09:15:00

Նախագահ Սարգսեան մասնակցած է Էջմիածինի հիմնադրութեան 2700-ամեակի ձեռնարկներուն


Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Էջմիածինի մէջ մասնակցած է քաղաքի տօնի` Էջմիածնի հիմնադրութեան 2700-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ  կողքին գտնուող Վազգէն Սարգսեանի անուան հրապարակ, ուր ներկայ  գտնուած է Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանի բացման արարողութեան եւ ծաղկեփունջ զետեղած է անոր յուշարձանին, հաղորդած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:

Նախագահ Սարգսեան այցելած է քաղաքի մարզական համալիրի շինարարական հրապարակը, մասնակցած է համալիրի հիմնարկէքի արարողութեան, ներկայ գտնուած է նաեւ Էջմիածինի նոր վերանորոգուած Եղիշէ  Թադոսեանի անուան գեղարուեստի դպրոցին մէջ:

Այնուհետեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան յարգանքի տուրք մատուցած է ղարաբաղեան պատերազմի հերոսներու յիշատակին, ծաղիկներ զետեղած է անոնց յուշարձանին:

Հանրապետութեան նախագահը քաղաքապետարանի նիստերու դահլիճին մէջ քաղաքի բնակիչներու, բազմաթիւ հիւրերու, Էջմիածինի քաղաքացիներու հետ միասին մասնակցած է Էջմիածինի հիմնադրութեան 2700-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր նիստին:








All the contents on this site are copyrighted ©.