2015-10-09 09:29:00

''Եկեղեցւոյ Բարեփոխումները Ֆրանչիսկոս Պապին համաձայն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Յիսուսեան Միաբանութեան պատկան ''Չիվիլթա Քաթթոլիքա'' պարբերաթերթի տնօրէն` Հայր Անթոնիօ Սփատարօ, որ այս օրերուս կը մասնակցի ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքներուն, վերոյիշեալ թերթին վերջին թիւին մէջ անդրադարձած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին իրագործած եւ իրագործելիք բարեփոխումներու մասին, մատնանշելով թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` Յիսուսեան Քահանայապետ է ու անոր Եկեղեցւոյ Բարեփոխումներու գաղափարը կը համապատասխանէ ''Ինիացեան'' (Յիսուսեան միաբանութեան հիմնադիր) տեսութեան, որ կը հիմնուի հոգեւոր գործընթացքի վրայ որ իր կարգին կը բարեփոխէ  կառոյցները։

Հայր Սփատարօ յայտնած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապին Եկեղեցւոյ ''վերանորոգումի'' տեսութեան արմատներու հիմքը կեանքի բարեփոխումն է որ է պտուղը Հոգեւոր Կրթութեան։ Միւս կողմէ վերանորոգողը ըլլալու է ազատ ու կեդրոնացած ոչ թէ իր անձին` այլ Տիրոջ վրայ։

''Ֆրանչիսկոս յատուկ  ''ծրագիր'' մը չունի'' կը գրէ հայր Սփատարոն։ Ան յառաջ կ՛ընթանայ անձնական հոգեւոր փորձառութեան ու աղօթքի հիման վրայ որ կը բաժնեկցի դիմելով երկխօսութեան ու խորհրդակցութեան։ Այս մէկը կը նկատուի խորթափանցում։ Խորթափանցում Աստուծոյ կամքին` առօրեայ կեանքին մէջ։ Պերկոլիոյի համար ''բարեփոխել'' կը նշանակէ սկիզբ տալ բաց գործընթացի մը եւ ոչ թէ ''գլուխներ կտրել'' կամ իշխանութեան տարածք նուաճել։ Այս Խորթափանցումի ոգիով է  որ Ինիացիոն եւ իրեն առաջին ուղեկիցները դիմագրաւեցին բարեփոխումի մարտահրաւէրը։ Բայց եւ այնպէս, նկատել կու տայ Յիսուսեաններու պարբերաթերթի տնօրէնը` ''Ֆրանչիսկոսի ճանապարհը կը մնայ միշտ բաց, ու անոր ծրագիրը, որ է հոգեւոր փորձառութիւն, կ՛իրականանայ աստիճանաբար, մերթ ընդ մերթ արագ, մերթ ընդ մերթ դանդաղ''։ Պերկոլիօ Քահանայապետը գիտակից է թէ Եկեղեցւոյ բարենորոգումը կը պահանջէ նախ եւ առաջ լայնածաւալ ու խոր կազմաւորում` յատկապէս հովիւներու պարագային։

Քահանայապետը այլապէս վախ չունի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող ''բախումներէն'' ընդհակառակը Ան անոնց մէջ կը տեսնէ առիթ մը` զարգացումի եւ աճումի։

Ֆրանչիսկոսի տեսութեան մէջ հարկաւոր է զանազանել Եկեղեցին որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ եւ որպէս իշխանութիւն ու այնպէս մը ընել որ Սուրբ Մայր Եկեղեցին դառնայ միշտ աւելիով ուղեւորութեան մէջ Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.