2015-10-08 11:20:00

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Հաւատքը


Հաւատամք ի մի Աստուած՝ ի Հայրն ամենակալ, յարարիչն երկնի և երկրի, երևելեաց և աներևութից։

Կը հաւատանք մէկ Աստուծոյ՝ ամենակալ Հօր, արարիչ՝ երկնքի եւ երկրի, տեսանելի եւ աներեւոյթ արարածներու։

Հայ հաւատացեալը այս խօսքերով կը դաւանի իր հաւատքը։ Սակայն այս տողերով չի վերջանար մեր հաւատքի դաւանութիւնը։ Սուրբ Երրորդութեան եւ Աստուծոյ փրկագործութեան խորհուրդն է, որ Հաւատամքին մէջ կ’արտայայտենք։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, “Մատեան Ողբերգութեան” աղօթագրքին 34րդ գլխուն մէջ կ’ընդլայնէ հաւատոյ մեր դաւանութիւնը, կը բացատրէ զայն եւ կը մեկնէ։ Նարեկացիի տողերուն մէջ խտացած կերպով ներկայացուած են հաւատքի ճշմարտութիւնները։ Լսենք իր խօսքերը՝

“Կը խոստովանինք եւ կը դաւանինք,

կը պաշտենք եւ կ’երկրպագենք

ամենասուրբ Երրորդութեան հաւասար փառքի միութիւնը։

Անճառելի Աստուածութիւն, միշտ բարի,

Նոյնագոյ, հաւասարապատիւ,

մտքի թեւերու սլացքին համար անհասանելի,

օրինակէ վեր, եւ նմանութենէ գերիվեր։

Անսահմանափակ եւ բացարձակօրէն անբովանդակելի,

պսակուած անբացատրելի օրհնաբանութեամբ

եւ ամենահարուստ մեծութեամբ՝

ժամանակներու եւ աննիւթական էութիւններու,

եւ ամէն տեսակի արարածներու կազմութենէն առաջ։

Հաստատող ժամանակներու,

եւ այն ամէն բաներու, որոնք ժամանակի մէջ կազմաւորուած են.

Ինքն է պատճառը տեսանելի եւ աներեւոյթ արարածներու,

յանձնառուն եւ հմուտ արհեստաւորը։

Ոչ մէկ անուանումով չափուած,

ոչ մէկ յորջորջումով արտայայտուած,

ոչ մէկ որակումով բնորոշուած,

ոչ մէկ քանակութեամբ կշռուած,

ոչ օրինակով պատկերուած,

ոչ  մէկ արտայատութեամբ ճանչցուած.

ոչ երբեք կարիքն ունի թերութիւնը ծաւալելու

եւ ոչ ալ կատարելութիւնը նուազեցնելու,

ոչ մէկ ժամանակի մէջ պարուրուած,

եւ ոչ մէկ վայրի մէջ պարփակուած։

Գթութեան Հայր, ամէն ինչի տէր,

Աստուած բոլոր արարածներու՝ երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ՝

Բացի միակ Բանէն, որուն միջոցաւ ամէն ինչ կը պարունակէ.

Ստեղծող եւ պարգեւող ամէն կեանքի,

Բացի իսկակից հոգիէն, որով կազմեց ամէն ինչ”։

Գրիգոր Նարեկացիի այս տողերէն կ’առնենք քանի մը խորհուրդներ։

Սուրբ Գրիգոր կը սկսի իր դաւանանքը ըսելով՝ “Կը խոստովանինք, կը դաւանինք,

կը պաշտենք, կ’երկրպագենք”։ Այս արարքները միայն ու միայն Աստուծոյ կարելի ուղղել։ Ոչ մէկ էակ, ոչ մէկ սուրբ, ոչ մէկ գոյութիւն արժանի է ընդունելու զանոնք։ Սուրբ Գիրքը կու տայ մեզի գերագոյն պատուիրանը՝ “սիրէ քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ եւ բոլոր կարողութիւններովդ”։ Այս սէրը կը սկսի նախ հաւատալով, դաւանելով, եւ երկրպագելով։  

Գրիգոր Նարեկացի կը հաստատէ, թէ Սուրբ Երրորդութեան բոլոր անձերը հաւասար են իրենց փառքով։ Երեք հաւասար անձեր, սակայն մի։ Դժուար է մարդկային մտքին համար հասկնալ այս խորհուրդը եւ կամ սպառիչ կերպով բացատրել զայն որեւէ օրինակով։ Ասոր համար Սուրբ Գրիգոր կը գրէ՝ “մտքի թեւերու սլացքին համար անհասանելի, օրինակէ վեր, եւ նմանութենէ գերիվեր”։ Որովհետեւ Աստուած “Անսահմանափակ է եւ բացարձակօրէն անբովանդակելի”։

Աստուած չէ գոյացած. Ան միշտ գոյութիւն ունեցած է։ Ան “Է, որ Է”, ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Գիրքը։ Ապա Աստուած ստեղծած է ամէն ինչ, որ գոյութիւն ունի, “Ինքն է պատճառը տեսանելի եւ աներեւոյթ արարածներու, յանձնառուն եւ հմուտ արհեստաւորը”։

Աստուծոյ համար ի´նչ տիտղոս, ի´նչ անուանում կամ որակում տանք, չենք կրնար բացատրել Անոր էութիւնը, ինչպէս Սուրբ Գրիգոր կ’ըսէ՝ “Ոչ մէկ անուանումով չափուած, ոչ մէկ յորջորջումով արտայայտուած, ոչ մէկ որակումով բնորոշուած, ոչ մէկ քանակութեամբ կշռուած, ոչ օրինակով պատկերուած, ոչ  մէկ արտայատութեամբ ճանչցուած”։ Աստուած կատարեալ է. Ան երբեք կարիքը չունի որեւէ բանով մը աւելի կատարելագործելու։

Ապա Գրիգոր Նարեկացի կ’ըսէ՝ Աստուած “ոչ մէկ ժամանակի մէջ պարուրուած է, եւ ոչ մէկ վայրի մէջ պարփակուած”։ Այս իրականութիւնը կ’անուանենք յաւիտենականութիւն։ Յաւիտենականութեան մէջ գոյութիւն չունին ժամանակ եւ վայր։ Այնտեղ չկայ անցեալ, ներկայ կամ ապագայ։ Մեր ժամանակի հասկացողութեան մէջ մէկ րոպէն կը յաջորդէ միւսին։ Աստուծոյ համար ամէն ինչ ներկայ է։

Աստուած, վերջապէս “գթութեան Հայր է, եւ Տէր ամէն ինչի” բոլոր արարածներուն։ Որդին սակայն չէ ստեղծուած՝ այլ “պարգեւիչն է ամէն կեանքի”, Սուրբ Հոգին եւս չէ ստեղծուած, Անով “կազմուած է ամէն ինչ”։








All the contents on this site are copyrighted ©.