2015-10-08 12:12:00

''Աստուած երբեք չի լքեր արդարները'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աստուած երբեք չի լքեր արդարները մինչ անոնք որոնք չարը կը սերմանեն, կը նմանին անծանօթներու որոնց անունը չի յիշուիր երկինքի մէջ'', այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, այսօր` հինգշաբթի 8 հոկտեմբերի առաւօտեան Տոմուս Սանթա մարթայի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացիկն արտասանած քարոզին գլխաւոր նիւթը։

Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները կը հարցադրէ թէ ի՞նչ առաւելութիւն ունինք մենք որ կը յարգենք Աստուծոյ պատուիրանները, մինչ չարիք գործողները կը բազմապատկուին ու անպատիժ կը մնան։ ''Ի՞նչու Տէր'' հարց տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու պատասխանեց օրուան սաղմոսերգուի խօսքերով ''երանի այն մարդուն որ չարերուն խորհուրդներուն չի հետեւիր եւ իր ուրախութիւնը կը գտնէ Տիրոջ օրէնքին մէջ''։

''Մենք այս տառապող մարդոց պտուղներուն ականատես չենք, մարդոց որոնք կը կռեն խաչը, Աւագ Ուրբաթ եւ Աւագ շաբաթուայ նման, ուր չեն յայտնուիր խաչեալ Աստուծոյ Զաւկին պտուղներն ու անոր տառապանքները'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Տէրը կը հսկէ արդարներու ուղեւորութեան վրայ մինչ չարերուն ճանապարհը կը տանի կործանումի։ Անոնք անուն չունին այլ միայն ածականներ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, հաստատելով թէ բոլոր անոնք որոնք Տիրոջ ճանապարհով կ՛ընթանան,  կը քալեն Անոր Որդոյն հետ, որուն անունն է Յիսուս Փրկիչ։

Դժուար հասկնալի անուն մը,  անհասկնալի նաեւ խաչի խորհուրդին ի տես ու այն բոլոր տառապանքներուն որ Ինք կրեց մեզի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.