2015-10-06 09:53:00

Պոլսոյ Քաղաքապետութիւնը 37.5 միլիոն տոլար պէտք է վճարէ Հայ Կաթողիկէ Համայնքին։


Թրքական «Սապահ» թերթը Հոկտեմբեր 5-ին հաղորդեց, թէ Հայ կաթողիկէ համայնքի Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը դատական յաղթանակ մը տարած է Պոլսոյ քաղաքապետութեան դէմ, Շիշլիի ամէնէն բանուկ հրապարակին վրայ 45 տարի առաջ գրաւուած 4474 մեթր քառակուսի հողամասին գծով։

Ըստ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» թերթին՝ այս հողամասը կը գտնուէր գերեզմանատան շրջանակին մէջ։ Դատարանը վերջապէս վճռած է Հայ կաթողիկէ համայնքին ի նպաստ ու որոշած, թէ քաղաքապետութիւնը Հայ կաթողիկէ համայնքին պէտք է վճարէ 111,850,000 թրքական լիրա (մօտաւորապէս 37.5 միլիոն տոլար), ինչպէս նաեւ՝ այդ գումարին երկու տարուան տոկոսը։

Այս հարցին պատմութիւնը կ՛երթայ մինչեւ 1971։ Այդ թուականին քաղաքապետութիւնը գրաւած էր նշեալ հողամասը, ուր աւելի ուշ կառուցուեցան առեւտրական կեդրոններ ու ստորերկրեայ ճամբաներ։ Քաղաքպետութիւնը այս հողամասը գրաւելով հանդերձ, անոր փոխարժէքը չէր վճարած։ Հոգաբարձութիւնը դատ բացած էր այս բռնագրաւման դէմ։ Դատարանը երկու տարի առաջ որոշեց, որ բռնագրաւուած հողամասը թափուի մէջ պիտի արձանագրուի Ս. Յակոբ հիւանդանոցին անունով։ Բայց քանի որ հոն կառուցուած շինութիւններուն պատճառով կարելի պիտի չըլլար հողամասը վերադարձնել, հոգաբարձութիւնը պահանջած էր հողամասին փոխարժէքը հատուցել։

Որոշումը այժմ պիտի հասնի վճռաբեկ ատեան, եւ եթէ անկէ եւս վաւերացուի, ապա Հայ կաթողիկէ համայնքը պէտք է ստանայ այս պատկառելի գումարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.