ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Գաղթի միջազգային կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն՝ 2015ի
սկիզբէն ի վեր, Միջերկրական ծովուն ճամբով Եւրոպա հասած է 533,591 գաղթական: Ամէնէն աւելի
գաղթական ընդունած է Յունաստանը՝ 399,326 հոգի: Իտալիա ժամանած է 131,431 հոգի:
Յունաստան ժամանողներուն մեծամասնութիւնը սուրիացիներ (173,375), աֆղաններ (50,177) եւ
փաքիստանցիներ են (11,289), իսկ Իտալիա հասնողներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմեն էրիթրիացիներ
(30,708), նիճերիացիներ (15,113) եւ սոմալիացիներ (8790):
Նոյն կազմակերպութիւնը նշած է, որ Սեպտեմբեր 17էն ի վեր, Եւրոպայի մէջ գաղթականներու
թիւը 60,000ով աճած է, իսկ առնուազն 2887 հոգի խեղդամահ եղած է դէպի Եւրոպա ճամբուն վրայ
All the contents on this site are copyrighted ©. |