2015-10-05 09:15:00

Քոթ Տ՛Ազիւրի մէջ ողողումները կը պատճառեն զոհեր եւ նիւթական վնասներ


Ֆրանսայի հարաւ-արեւելքը գտնուող ծովեզերեայ Քոթ տ’Ազիւր շրջանին մէջ ողողումները, ըստ տեղական իշխանութեան նախնական տուեալներուն, պատճառած են 12 զոհ:

Շաբաթ գիշեր սաստիկ փոթորիկ մը հարուածած էր շրջանը, որուն մաս կը կազմեն Քան եւ Նիս զբօսաշրջական քաղաքները, ուր ջուրը ողողեց անոնց ճամբաները եւ հողի վտանգաւոր սահանքներ պատճառեց:

Ալփ Մարիթիմ գաւառին մէջ 12 դիակներ յայտնաբերուեցան: Փրկարար ջոկատները դժուարութեամբ կը փորձեն հասնիլ վնասուած շրջաններ:

Քանի արեւմուտքը գտնուող Մելանտիլիօ Լա Նափոլ գիւղին մէջ հինգ անձեր մահացած են, երբ, ըստ երեւոյթին, փորձած են իրենց ինքնաշարժները ապահով վայրի մը մէջ կանգնեցնել:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.