2015-10-05 13:28:00

Փալմիրի մէջ ոչնչացուած է երկու հազարամեայ յաղթակամարը


«Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալները Սուրիոյ Փալմիր քաղաքին մէջ պայթեցուցած են Հին Հռոմի ժամանակաշրջանի երկուհազարամեայ Յաղթակամարը, կը յայտնէ Սիվիլնէթը:

Հնագէտներու համոզումով` Ք.ա. 2-րդ դարուն կառուցուած կամարը կը խորհրդանշէր կայսերական զօրքերու յաղթանակներէն մէկը:

Հնագոյն յուշարձաններու պահպանութեան սուրիական գործակալութեան ղեկավար Մաամուն Ապտուլ Քարիմը Reuters-ին ըսած է, որ Յաղթանակի կամարը հիմնահատակ ոչնչացուած է:

Նախապէս ԻՊ-ն արդեն ոչնչացուցած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած երկու տաճար. Օգոստոսին պայթեցուցած էր Պաալ-շամինի երկուհազարամեայ տաճարը, ապա` Բելի հնագոյն տաճարին մէկ մասը:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն դատապարտած է հնագոյն կոթողներու ոչնչացումը եւ տեղի ունեցածը որակած «ողբերգութիւն ամբողջ մարդկութեան համար»: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Իրինա Պոկովայի խօսքով` յուշարձաններու ոչնչացումը «զինուորական յանցագործութիւն է»:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան շինութիւն է, Միջին Արեւելքի ամենայայտնի ճարտարապետական համալիրներէն մէկը: Ահաբեկիչները քաղաքը գրաւած են այս տարուան Մայիսին: Այն ժամանակ սպաննուած էր աւելի քան 400 մարդ: Յունիսին ահաբեկիչները ականապատած են Փալմիրը, իսկ Յուլիսին ոչնչացուցած են քաղաքի հնագոյն յուշարձաններէն քանի մը հատը: Օգոստոսի կիսուն ծայրայեղականները գլխատած են Փալմիրի ճարտարապետական համալիրի 82-ամեայ տնօրէն, յայտնի հնագէտ Խալէտ Ասաատը:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.