2015-10-04 12:19:00

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց ըլլալ ''գործիքներ հիւրընկալութեան ու սիրոյ'' եւ ''աղօթել Սիւնհոդոսի համար''


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 4 հոկտեմբերի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքին ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւն մը ներկայացուց որուն սկիզբը ակնարկեց Սուրբ Պետրոսի մէջ հազիւ վերջ գտած` պատարագի սրբազան արարողութեան, որով բացումը կատարուեցաւ Եպիսկոպոսական ԺԴ Սիւնհոդոսին, որուն ընթացքին, երեք շաբթուայ տեւողութեամբ, աշխարհի բոլոր վայրերէն ժամանած սիւնհոդոսական հայրերը, պիտի խորհրդածեն` հոգեւոր եւ հովուական խնամակալութեան աւելի ուշադիր խորթափանցումի մասին,  հայող  ընտանիքի կոչումին ու անոր առաքելութեան եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ։

Մեր Հայեացքը պիտի կեդրոնացնենք Յիսուսի վրայ որպէսզի անոր ճշմարտութեան եւ ողորմութեան ուսուցումին վրայ հիմնուելով  որոնենք ճանապարհներ` որով Եկեղեցին յանձնառու  դառնայ ի սպաս ընտանիքին եւ ընտանիքներուն, որպէսզի Արարիչին` այր մարդու ու կնոջ վերաբերող սկզբնական ծրագիրը իրագործուի իր ամբողջական գեղեցկութեան ու զօրութեան մէջ։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն ուր կը խօսուի այր ու կնոջ փոխլրացումի մասին, ուր անոնք կը դառնան մէկ մարմին եւ '' կեանք պարգեւողներ, ծնողներ'', մասնակցելով Աստուծոյ ստեղծագործ զօրութեան։

Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց թէ ամուսնութեան խորհուրդին հիմը կը մնայ սէրը, որ սնունդ է այդ յարաբերութեան, ըլլայ ցաւի ըլլայ ուրախութեան մէջ։ Սէրն է որ կը յարուցէ զաւակներ ունենալու իղձը, սպասելով անոնց ծնունդին, ընկալելով, դաստիարակելով ու աճեցնելով զանոնք։

''Այսօր խնդրենք Տիրոջմէ որ բոլոր ծնողներն ու աշխարհի բոլոր դաստիարակները դառնան գործիք հիւրընկալութեան ու սիրոյ'' ըսաւ  Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց բազմաթիւ մանուկներուն որոնք կը տառապին, միայնակ են, չարաշահուած, ու շատ անգամ մերժուած։ Թող Տէրը օգնէ մեզի ըլլալու ընտանիք- ընկերութիւն կարող հիւրընկալութեան, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց աղօթել Սիւնհոդոսին համար, հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները, որոնց շարքին Մխիթարեան Միաբանութեան անդամները, ու  ակնարկեց  Հայր Բիօ Հերետիայի երանացման արարողութեան ինչպէս նաեւ, Փոմփէյի Սրբավայրին մէջ համախմբուած ուխտաւորներուն եւ այսօր նշուող, Իտալիոյ պաշտպան սուրբ` Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի ծիսական տօնին։

Նորին Սրբութիւնը ապա իր մօտիկութիւնը յայտնեց ըլլայ Կուաթեմալայի ըլլայ Ֆրանսայի մէջ ջրհեղեղի զոհերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.