2015-10-04 10:29:00

Ընտանիքներու աղօթքի հսկում.''Ընտանիքը խաւարին մէջ լոյս է' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նախօրեակին, շաբաթ 3 հոկտեմբերին երեկոյեան, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ սիւնհոդոսական հայրերու մասնակցութեամբ եւ Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ  ընտանիքներու աղօթքի հսկում որուն առթիւ արտասանած իր քարոզին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը  հարց տուաւ ''Ի՞նչ օգուտ ունի փոքրիկ մոմ մը վառել մեզ շրջապատող մթութեան մէջ։ Արդեօք ուրիշ բանի պէտքը չկայ խաբնելու խաւարը։ Ապա կարելի է յաղթահարել զայն''։

Այսպիսի հարցումներ – ըսաւ Քահանայապետը - կը կրնկուին կեանքի որոշ եղանակներու ընթացքին։ եւ գոյութեան պահանջներու դիմաց, փորձութիւնը մեզ կը մղէ ետքայլ ընելու, մենք մեր մէջ փակուելու, ողջմտութեան եւ իրատեսութեան անունով, փախչելով մեր պարտականութիւնը կատարելու պատասխանատուութենէն։ 

Նորին Սրբութիւնը ապ անդրադարձաւ Եղիա Մարգարէին սարսափի ու վախի դիմաց Քորեբ լեռ փախչելու ու այնտեղ պահուըտելու դրուագին։ Ապա վերյիշեց անցեալ տարի նոյն այդ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած աղօթքի հսկումը` որուն ընթացքին – ըսաւ Քահանայապետը – հայցեցինք Սուրբ Հոգւոյն գալուստը որպէսի սիւնհոդոսական հայրերը կարենային գիտնալ իրար զիրար ունկնդրել ու հարցերը քննարկել իրենց հայեացքը ունենալով միշտ Յիսուսի վրայ, որ է Աստուծոյ Հօր վերջին խօսքը ու ամէն մեկնաբանութեան չափանիշը։

Այս գիշեր եւս, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, մեր աղօթքը տարբեր չի կրնար ըլլալ ու հրաւիրեց ներկաները որպէսզի ''սիւնհոդոսը որուն բացումը կը կատարուի վաղը, գիտակցի, արժէքաւորէ եւ առաջարկէ ընտանիքի գեղեցկութիւնը, բարութիւնն ու սրբութիւնը''։

Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց թէ ամէն ընտանիք լոյս մըն է աշխարհի մթութեան մէջ եւ ակնարկելով Երանելի Շարլ Տէ Ֆուքոյի ըսաւ թէ անոր ''հոգեւորութիւնն  ու առաքելութիւնը եղած են ի սպաս եղբայրութեան'' ապա նշեց թէ այսօրուայ ընտանիքը հասկնալու համար մենք եւս Շարլ Տէ Ֆուքոյի նման, մտելու ենք Նազարէթի ընտանիքի խորհուրդին մէջ,  անոր թաքուն կեանքին մէջ, անոր ցաւերուն եւ ուրախութիւններուն մէջ։

Ընտանիքը աւետարանի սրբութեան վայրն է։ Ընտանիքը դաստիարակութեան վայր է ուր կը կը սորվինք ճանչնալ սեփական կեանքի համար Աստուծոյ ծրագիրը։ Վայր է ''ձրիութեան'', եղբայրութեան եւ զօրակցութեան. Վայր է ներումի եւ ուրիշի հիւրընկալութեան, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց մեկնիլ Նազարէթէն որպէսզի սիւնհոդոսը` ընտանիքի մասին խօսելէ աւելի գիտնայ հետեւիլ Նազարէթի դպրոցին, ու պատրաստակամութիւնը ունենայ ճանչնալու միշտ ընտանիքի արժանաւորութիւնը, անոր որակն ու արժէքը­, հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններուն։

Եկեղեցին ըլլալու է մայր - ըսաւ Քահանայապետը - Մայր  որ գիտէ կեանք պարգեւել, ու այդ կեանքին ընկերանալ նուիրումով, քնքշութեան եւ բարոյական զօրութեամբ­, ապա  յորդորեց միացնել գթութիւնը արդարութեան, որպէսզի չդառնանք անտեղի օրէն խիստ ու խորապէս անարդար։

Եկեղեցի մը որ ընտանիք է գիտէ մօտենալ Հօր սիրով որ կ՛ապրի պահապանի պատասխանատուութիւնը, որ կը պաշտպանէ, կը յանդիմանէ առանց վիրաւորելու որ կը դաստիարակէ օրինակ տալով եւ համբերութեամբ ու շատ անգամ լռութեամբ ու աղօթարար սպասումով։

Եկեղեցին ըլլալու է յատկապէս զաւակներու եկեղեցի մը` ուր անոնք իրար զիրար կը ճանչնան որպէս եղբայրներ, եւ որ չի կրնար անձերը նկատել որպէս բեռ, հարց, մտահոգութիւն կամ սպառնալիք. Ուրիշը հիմնականին մէջ պարգեւ մըն է որ այդպէս ալ կը մնայ նոյնիսկ երբ այլ ճանապարհներ կ՛ընտրէ։

Եկեղեցին բաց տուն մըն է, հեռու մեծութեան դրսեւորումներէն, հիւրընկալ իր պարզ ոճով եւ ասոր համար կարող հասանելի դառնալու խաղաղութեան յոյսին որ ամէն մէկ մարդու մէջ կը գտնուի, նոյնիսկ անոնց որոնց սիրտը վիրաւոր ու տառապող է։ Այդպիսի Եկեղեցի մը կրնայ իսկապէս մարդուն` հաւատալի օրէն ցոյց տալ նպատակակէտը ու ընկերանալ անոր քայլերուն որովհետեւ ինք առաջինն է որ կ՛ապրի փորձառութիւնը` մշտատեւ վերածնելու, Հօր ողորմութեան սրտին մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.