2015-10-04 11:46:00

Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի բացման արարողութիւնը սուրբ Պետրոսի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 4 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, մասնակցութեամբ  270 սիւնհոդոսական  հայրերուն, սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, բացումը կատարեց Ընտանիքի նիւթին մասին գումարուած եպիսկոպոսական ժԴ սովորական սիւնհոդոսին, ''Ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհի մէջ'' բնաբանով։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը մէջբերեց Յովհաննէս առաքեալի Առաջին թուղթէն քաղուած հետեւեալ նախադասութիւնը` ''Եթէ մենք զիրար սիրենք Աստուած կը բնակի մէջ մէջ ու Անոր սէրը կատարեալ է մեր մէջ'' ու հաստատեց թէ այս` նախախնամական կերպով զօդուած է Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, որուն գլխաւոր նիւթերն են ''առանձնութեան ողբերգութիւնը, այր մարդու ու կնոջ միջեւ սէրը եւ Ընտանիքը։

Անդրադառնալով առանձնութեան մասին, Քահանայապետը խօսեցաւ Ադամին` դրախտին մէջ  ապրած առանձնութեան փորձառութեան, ինք որ գերազանց էակ մըն էր, առանձին կը զգար ինքզինք, որովհետեւ իրեն համապատասխանող էակ մը չունէր իր մօտ։

Այսօր եւս ըսաւ­,  Սրբազան Քահանայապետը, շատ մը մարդիկ կը տանջուին առանձնութենէն։ Կը մտաբերեմ տարեցները, այրիները, անոնք որոնք լքուած են իրենց ամուսիններէն կամ իրենց կիներէն, ու բազմաթիւ մարդիկ որոնք չեն հասկցուած ու չեն ունկնդրուած ու միայնակ են. գաղթականները, ապաստանեալները որոնք կը փախչին պատերազմներէն ու հալածանքներէն, ու բոլոր երիտասարդները որոնք զոհ են մսխումի մշակոյթին...Այսօր` կ՛ապրինք համաշխարհայնացած աշխարհի մը տարըմբռնումը, ուր յաճախ ականատես ենք շքեղ, հարուստ ու բարձրայարկանի շէնքերու սակայն միշտ աւելիով նուազ` տնային ու ընտանիքի ջերմութեան, բազմաթիւ պատուախնդիր ծրագիրներու` սակայն քիչ ժամանակ, ապրելու այդ իրականացումները, բազմաթիւ հաճոյքներ սակայն քիչ սէր, բազմաթիւ ազատութիւն սակայն սակաւ ինքնավարութիւն... որուն հետեւանքով միայնակ ու առանձին ապրող անձերու թիւը աճում կ՛արձանագրէ։

Այսօր կ՛ապրինք Ադամի փորձառութիւնը, յարեց Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով ընտանիքին, ուր միշտ աւելիով նուազ է լրջութիւնը յառաջ տանելու սիրոյ ամրապնդուած կապ մը, ու դիտել տալով թէ յառաջացած ու զարգացած ընկերութիւններու մէջ է որ կ՛արձանագրուին ծնելիութեան ամենացած տոկոսը, ու վիժումի, ամուսնալուծումի, անձնասպանութեան եւ միջավայրի եւ ընկերութեան ապականումի  ամենաբարձր տոկոսը։

Սրբազան Հայրը հուսկ ակնարկեց այր ու կնոջ միջեւ սիրոյ մէջբերելով Ծննդոց գիրքէն յատուածը ուր Աստուած կ՛ըսէ ''լաւ չէ որ մարդը մինակ ըլլայ,Անոր նմանութեան մէկ օգնական մը ստեղծենք անոր''։ Այս կը ցուցաբերէ թէ Աստուած չստեղծեց մարդը որպէսզի ան ապրի տխրութեան մէջ ու միայնակ, այլ ուրախութեան համար. որպէսզի իր ուղեւորութիւնը բաժնեկցի այլ անձի մը հետ որ ըլլայ անոր լրացումը։ Որպէսզի ապրի սիրոյ սքանչելի փորձառութիւնը` այսինքն սիրել ու սիրուիլ, ու այդ սիրոյ պտուղները տեսնել զաւակներու մէջ։  Ահա այս է Աստուծոյ երազը, ըսաւ Քահանայապետը, տեսնել իր արարածը իրականացած` մարդու եւ կնոջ միջեւ սիրոյ կապին մէջ, երջանիկ` միասնական ուղեւորութեամբ ու պտղաբեր` փոխադարձ նուիրումի մէջ։ Նոյնը մեզի կը սորվեցնէ Յիսուս ''ստեղծագործութեան սկիզբէն` այր ու կին ստեղծեց զանոնք։ Ասոր համար այր մարդը պիտի թողու իր հայրն ու մայրը ու պիտի միանայ իր կնոջ եւ երկուքը պիտի դառնան մէկ մարմին'' (Մարկ 10­ 6-8)։

''Առ այդ մարդը թող չի բաժնէ այն ինչ որ Աստուած միացուց'' (Մարկ 10,9) ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով երրորդ նիւթին` Ընտանիքին։ ''Աստուծոյ համար ամուսնութիւնը առասպելական իրականութիւն մը չէ այլ երազ մըն է,  առանց որուն իր արարածը դատապարտուած է առանձնութեան'' յայտնեց Սրբազան Հայրը ընդգծելով թէ ''այսօր եւս մարդը կը հետապնդէ իսկական սէրը, թէեւ յաճախ կը կորսուի անցողակի ու ժամանակաւոր սիրահարութիւններով, սակայն անոր ձգտումը կը մնայ իսկական սէրը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ հաստատեց թէ ''Եկեղեցին կանչուած է ապրելու իր առաքելութիւնը հաւատարմութեան, ճշմարտութեան ու սիրոյ մէջ''։

Հաւատարմութիւն Վարդապետին. պաշտպանելու համար հաւատարիմ սէրը ու քաջալերելու ընտանիքները ապրելու ամուսնութիւնը որպէս վայր` ուր կը յայտնուի Աստուածային սէրը, պաշտպանելով կեանքի սրբութիւնը, ու միութեան եւ ամուսնութեան անքակտելիութիւնը։

Ապրիլ առաքելութիւնը ճշմարտութեան մէջ։ Ճշմարտութիւնը որ կը պաշտպանէ մարդը` պտղաբեր սէրը դարձնելէ եսասիրութիւն ու հաւատարիմ կապը ժամանակաւոր կապի։

Եկեղեցին ապրելու է իր  առաքելութիւնը սիրոյ մէջ, հաւատարիմ իր Մայրական բնութեան, որ  վէրքերը կը խնամէ ողորմութեան եւ հիւրընկալութեան իւղով. Գիտէ ըլլալ ''դաշտային հիւանդանոց'' բաց դռներով. Գիտէ դուրս ելլել ինքնիրմէ ու ընթանալ դէպի ուրիշները իսկական սիրով, առաջնորդելու համար վիրաւոր մարդկութիւնը դէպի փրկութիւն։

Եկեղեցի մը որ կը սորվեցնէ եւ կը պաշտպանէ հիմնական արժէքները առանց մոռնալու թէ ''շաբաթը եղած է ի նպաստ մարդուն եւ ոչ թէ մարդը շաբաթուան համար'' եւ թէ ''առողջները պէտք չունին բժիշկին այլ հիւանդները'', ու թէ ''Յիսուս չէ եկած արդարներուն այլ մեղաւորներուն համար''։ Եկեղեցի մը որ կը դաստիարակէ իսկական սէրը` գիտակից ու հաւատարիմ մնալով իր բարի սամարացիի առաքելութեան։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կ՛ըսէր ''Սխալը եւ չարը պէտք են միշտ դատապարտուիլ ու անոնց դէմ պէտք է պայքար մղել, սակայն երբ մարդը սխալ կը գործէ պէտք է հասկնալ զինք ու սիրել զայն...մենք սիրելու ենք մեր ժամանակաշրջանը ու սիրելու նաեւ ժամանակից մարդը'' ու Եկեղեցին պէտք փնտռէ այդ մարդը, հիւրընկալէ, առաջնորդէ, որովհետեւ փակ դռներով եկեղեցի մը կը դաւաճանէ ինքզինք ու իր առաքելութիւնը եւ փոխանակ կամուրջ ըլլալու կը դառնայ պատնէշ­, հաստատեց Սրբազան Պապը, ու խօսքը եզրափակեց ըսելով. ''Այս հոգիով,  խնդրենք Տիրոջմէ որ ընկերանայ Սիւնհոդոսին ու առաջնորդէ իր Եկեղեցին, բարեխօսութեամբ Սուրբ Կոյս Մարիամին ու անոր փեսային Սուրբ Յովսէփին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.