2015-10-03 10:14:00

Հայր Պիոս Էրետիայի եւ անոր 17 ընկերներու երանացման արարողութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 3 հոկտեմբերին, Սպանիոյ Սանդատեր քաղաքին մէջ Աստուծոյ ծառայ Պիոս Էրետիա եւ անոր 17 ընկերները կ՝արժանան դասուելու Տիեզերական Եկեղեցւոյ Երանելիներու շարքին։ 

Երանացման արարողութիւնը կը կատարէ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Անճելօ Ամաթոն։

8 սեպտեմբեր 1936-ին, Սպանիոյ Սանդանտեր մարզի Վիաչելի քաղաքին մէջ, մի քանի կրօնաւորներ վտարուեցան իրենց վանքէն Սպանական անիշխանականութեան   դաշինքի մաս կազմող ոստիկաններու կողմէ։ Կարճ ժամանակամիջոցի բանտարկութենէն ետք կղերականները ազատ արձակուեցան ու հաստատուեցան Սանթանտեր քաղաք` ուր հիմնեցին  փոքրիկ վանական հասարակութիւն որուն մեծաւորը դարձաւ  հայր Պիոս Հերետիա։

Սպանիոյ մէջ համայնավարութեան  տիրապետութեան շրջանին հայր Պիոս կը ձերբակալուի ապա կը սպաննուի 2 դեկտեմբեր 1936-ին՝ համայնավարութեան վարչակարգի հետ չի համագործակցելու յանցագործութեան մեղադրանքով։ Իրականութեան մէջ Աստուծոյ ծառայ  Պիոս Էրետիա նահատակուած է իր դաւանած քրիստոնէական հաւատքին համար։

Կարգ մը ականատես վկաներու համաձայն՝ հայր Պիոս եւ անոր 17 ընկերները,

3 դեկտեմբերի գիշերին, տեղադրուած են մեծ ինքնաշարժի մը մէջ եւ ապա  փոխադրուած  Սանթանտերի ծովափ,  ուր բարձր ժայռէ մը գլորուած են ծովու մէջ։ Ուրիշ վկաներու համաձայն վանական հայրերը քաղաքի գերեզմանի մօտակայքը սպաննուած են զէնքի ուժով։

 1940 թուականին, վանական հայրերու դիակները յայտնաբերուած են, եւ ապա փոխադրուած եւ թաղուած`  վանքի մը մէջ։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.