2015-10-02 10:01:00

Պաղեստինի դրօշը առաջին անգամ ըլլալով ծածանեցաւ ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ


Պաղեստինեան դրօշը առաջին անգամ ըլլալով բարձրացաւ ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ: Դրօշը պաշտօնական արարողութեամբ մը բարձրացուեցաւ կեդրոնատեղիին վարդերու պարտէզին մէջ, ապա Պաղեստինի նման դէտի կարգավիճակ ունեցող Վատիկանի դրօշին հետ միասին պիտի բարձրացուի ՄԱԿ-ի անդամ 193 երկիրներու դրօշներուն կողքին:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս բազմաթիւ անձնաւորութիւններու, ներառեալ` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի մասնակցութեամբ պաշտօնական արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Այս պատմական պահուն կ՛ըսեմ ժողովուրդիս, որ ո՛ւր ալ գտնուի, բարձրացնէ պաղեստինեան դրօշը, որովհետեւ ատիկա մեր միութեան խորհրդանիշն է: Ատիկա պարծանքի եւ հպարտութեան ազդակ է»:

Ապպաս ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղեց Պաղեստինը ճանչնալու իբրեւ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւն եւ յայտարարեց, որ պաղեստինցիները «չեն կրնար շարունակել յանձնառու մնալ Իսրայէլի հետ ստորագրուած համաձայնութիւններուն, այնքան ատեն որ վերջինս կը պնդէ անոնց յանձնառու չմնալ եւ կը մերժէ բնակեցումը դադրեցնել եւ գերիները ազատ արձակել»:








All the contents on this site are copyrighted ©.