2015-10-02 10:20:00

Պահապան Հրեշտակները՝ մեզի խորհրդատու եւ պապահան, կ’ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 2 հոկտեմբերին, Լատին Եկեղեցին կը կատարէ Պահապան Հրեշտակներու Տօնը։ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, իր առաւօտեան Սուրբ Պատարագի քարոզին մէջ անդրադարձաւ տօնի խորհուրդին։

Աստուած իւրաքանչիւր անհատի տուած է հրեշտակ մը, որպէսզի ըլլայ խորհրդատու եւ պահապան, ըսաւ Սրբազան Պապը, աւելցնելով, թէ սա փաստ մըն է Հօր Աստուծոյ սիրոյն։

Ապա Սրբազան Հայրը յիշատակութիւններ կատարեց Սուրբ Գրքէն, նշելով, թէ Պահապան Հրեշտակի կերպարը միշտ ներկայ եղած է մարդու եւ երկնքի յարաբերութիւններուն մէջ։ Աստուածաշունչի Ելից Գրքին մէջ կը կարդանք. “Ահաւասիկ հրեշտակ մը կ’առաքեմ քու առջեւէդ, որպէսզի քեզ պահպանէ քու ճանապարհիդ վրայ եւ քեզ հասցնէ այն տեղը, որ քեզի համար պատրաստած եմ”։

Պահապան հրեշտակը միշտ մեր հետն է, որպէս Աստուծոյ դեսպան մեզի կ’ընկերանայ։ Տէրը մեզի խորհուրդ կու տայ՝ “յարգէ´ անոր ներկայութիւնը”։ Օրինակ մը բերելով, Սրբազան Պապը ըսաւ. “Երբ մենք չար գործ մը կը կատարենք, մտածելով թէ առանցին ենք, կը սխալինք”։ Պահապան Հրեշտակը մեր մօտ ներկայ է միշտ։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք անոր ձայնին եւ հնազանդինք անոր։ Երբ կը զգանք ներշնչումը՝ թէ այս կամ այն կերպ գործելը աւելի լաւ է՝ պէտք է կատարենք այդպէս, եւ չընդվզինք Պահապան Հրեշտակի ձայնին դէմ”։

Պահապան Հրեշտակը մեզ միշտ կը պաշտպանէ, յատկապէս չարէն։ Երբեմն, աւելցուց Սրբազան Պապը, երբ չարը կը գործենք, Պահապան Հրեշտակը նորէն ներկայ է, մեզի խորհուրդ տալու եւ մեզ պաշտպանելու, բարեկամի մը նման։ Ան բաերկամ մըն է, զոր չենք տեսներ, եւ սակայն կը զգանք։ Բարեկամ մը, որ օր մը Երկնքի մէջ մեր հետ պիտի ըլլայ, վայելելու յաւիտենական երջանկութիւնը։

Հնազանդիլ Պահապան Հրեշտակին՝ կը նշանակէ զայն յարգել, անոր մտիկ ընել։ Քրիստոնեան պէտք է հնազանդի Սուրբ Հոգիին։ Սուրբ Հոգիին հնազանդիլը սակայն այստեղէն կը սկսի՝ հնազանդելով մեր ճանապարհին վրայ մեզի ընկերացող Պապահապան Հրեշտակի խորհուրդներուն։

Հնազանդ ըլլալու համար, պէտք է փոքրանանք, մանուկներու նման, եւ կամ անոնց նման, որոնք Երկնքի Արքայութեան մէջ ամենէն մեծերը պիտի ըլլան, ինչպէս ըսաւ Յիսուս։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր քարոզը ըսաւ՝ “Պահապան Հրեշտակը մեր ճանապարհին վրայ մեզի կ’ընկերանայ, եւ մեզի կը սորվեցնէ ըլլալ խոնարհ։ Խնդրենք այսօր Տիրոջմէ այս հնազանդութեան շնորհքը, լսելու մեր այս ընկերակիցին, Աստուծոյ պատգամաւորի ձայնին”։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.