2015-10-01 12:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը “Քոմպոնեան” միաբանութեան անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Տարւոյս Սեպտեմբեր ամսոյն “Յիսուսի Սրտի Քոմպոնեան առաքեալներու” միաբանութիւնը կատարեց իր կանոնական ընդհանուր ժողովը։

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 30ին ընտրուեցաւ միաբանութեան նոր ընդհանուր վարչութիւնը։ Այս առիթով, հինգշաբթի, հոկտեմբերի 1ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Վատիկանի Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունելով  ընդհանուր ժողովի մասնակիցները անոնց ուղղած ճառին մէջ  յիշեցուց, թէ անոնց անուանումը՝ “Յիսուսի Սուրբ Սրտին Քոմպոնեաններ”, եւ “առաքեալներ” կը բնորոշէ իրենց ինքնութիւնը։

Իբր առաքեալներ, անոնք ծառաներ եւ պատգամաւորներ են Սուրբ Աւետարանին, յատկապէս անոնց համար, որոնք Սուրբ Աւետարանը չեն ճանչնար եւ կամ մոռցած են զայն։ Միաբանութեան առաքելութեան սկզբնաւորութիւնը Աստուծոյ անշահախնդիր սիրոյ նախաձեռնութեան մէջ է, որ կոչ ուղղած է Իր հետ մնալու եւ քարոզութեան երթալու։ Իսկ առաքելութեան հիմը՝ Քրիստոսի հետ անհատական յարաբերութիւնն է՝ արմատացած Մկրտութեան խորհուրդի մէջ, հաստատուած՝ Դրոշմի մէջ եւ ամրապնդուած՝ Օծման մէջ։

“Քոմպոնեաններ Յիսուսի Սրտին”, կը նշանակէ, թէ միաբանութեան անդամները ուրախութեամբ կը նպաստեն Եկեղեցւոյ առաքելութեան, ըլլալով վկաները՝ հիմնադրի, Սուրբ Տանիելէ Քոմպոնիի (1831-1881. Սուտան՝ Խարթումի եպիսկոպոս), շնորհապարգեւին։ Հիմնադիրը, որակաւորման կէտը գտած էր Յիսուսի Սրտի ողորմած սիրոյն մէջ։ Հետեւաբար, միաբանութեան անդամները կոչուած են նմանելու ողորմած եւ հեզ Յիսուսի, կարենալ ապրելու համար իրենց ծառայութիւնը՝ խոնարհ սրտով, եւ հոգ տանելով մեր ժամանակի լքուած մարդոց։

Սրբազան Քահանայապետը խորանալով Քոմպոնեան Առաքեալներու միաբանութեան շնորհապարգեւի այս երկու բնորոշիչ կէտերուն վրայ,  փակեց իր պատգամը՝ հրաւիրելով անոնց վրայ Աստուածածնի պաշտպանութիւնը ապա բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.