2015-10-01 11:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ՝՝Մեր սրտերուն մէջ երբեք թող չ՝աղօտի Աստուծոյ երազանքը՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 1 հոկտեմբերի առաւօտեան, Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ Տիրոջ ուրխաութիւնը մեր ուժականութիւնն է։ Անոր մէջ կը գտնենք մեր ինքնութիւնը, եւ մեր սրտերուն մէջ պէտք չէ երբեք մարի Աստուծոյ երազանքը, ապա թէ ոչ՝ մեր սիրտը կարող չէ տօնակատարելու։ Յայտնենք թէ այսօր տօնն  է Սրբուհի Թերեզային, Ֆրանչիսկոս Պապի շատ սիրելի սրբուհիին։

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ Գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի Իսրայէլի ժողովուրդի երկար տարիներ վերջ Երուսաղեմ վերադարձի մասին, ըսաւ՝“Իսրայէլի ժողովուրդը ուրախութենէն կու լար, ոչ միայն իր ծննդավայրը՝ Երուսաղէմ քաղաքը գտնելուն համար, այլ՝ նաեւ իրենց ինքնութիւնը գտած ըլլալուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հարց տալով, թէ ինչպէ´ս կարելի է գտնել մեր յատուկ ինքնութիւնը, յայտնեց՝ թէ կորսնցուցած մեր պապենական տունի փնտռտուքի երազանքն է, որ մեզ կը մղէ որոնելու մեր հայրենական տունը։ Ան իբր օրինակ բերաւ Իսրայէլի ժողովուրդը, զորոնք յատուկ ինքնութեան երազանք է որ մղեց՝ որոնելու իրենց քաղաքը։ Ասիկա Աստուծոյ շնորհքն է։ Առանց երազանքի՝ սիրտ մը չի ճանչնար ուրախութիւնը, որ է  նաեւ մեր ուժականութիւնը եւ Աստուծոյ ուրախութիւնը

Քարոզի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ. “խնդրենք Տիրոջմէ որ պարգեւէ մեզի սոյն շնորհքը, եւ երբեք չի մարի մեր սրտերուն մէջ Աստուծոյ երազանքը”։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.