2015-10-01 08:58:00

Ռուսական ռազմական օդանաւերը առաջին հարուածները հասցուցած են Սուրիոյ մէջ


Ռուսական մարտական օդանաւերը, որոնք տեղակայուած են Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքին մօտ, առաջին հարուածները հասցուցած են այդ երկրին մէջ կառավարական զօրքերու դէմ կռուող զինեալներու դիրքերուն:

Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-­ը, Սեպտեմբեր 30-­ին հաղորդած է CNN հեռուստաալիքը` վկայակոչելով բարձրաստիճան ամերիկացի պաշտօնեաներու: Անոնք յայտարարած են, որ ռուսական հրամանատարութիւնը ԱՄՆ-­ին չէ տեղեկացուցած, թէ ինչ թիրախներու կը ծրագրէ հարուածել:

Քանի մը օրուան ընթացքին ռուսական անօդաչուները տեղեկութիւններ կը հաւաքէին տարածաշրջանի վերաբերեալ: Այս տեղեկատուութիւնը հաստատած Է Slemani Times քրտական լրատուական ալիքը: Անոր տուեալներով` ռուսական ՍՈՒ­24 երկու ռմբակոծիչներ Սեպտեմբեր 30-­ին կէսօրէն ետք զինեալներու դիրքերը հարուածած են Դամասկոսէն 213 քիլոմեթր հիւսիս գտնուող Համա քաղաքի շրջանին մէջ:

Մինչդեռ, CNN հեռուստաալիքի զրուցակիցներու տուեալներով, հարուածները հասցուած են Սուրիոյ Հոմս քաղաքի շրջանին մէջ, կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»-­ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.