2015-10-01 10:29:00

Մեսրոպեանի աշակերտները ստացան DELF քննութիւններու յաջողութեան վկայականները


Ինչպէս ծանօթ է, անցած տարեշրջանին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը սկիզբ դրած էր DELF քննութիւններու մասնակցութեան: Սոյն քննութիւններով, աշակերտները կը պատրաստուին Ֆրանսայի եւ ֆրանսախօս երկիրներու մէջ դիւրացուած կարգով համալսարաններ ընդունելութեան:

DELF քննութիւններուն Մեսրոպեան վարժարանէն առաջին մասնակցողները եղած էին Դ. Եւ Զ. դասարաններու աշակերտները, 2014-2015 տարեշրջանին:  Յաջողութիւն արձանագրած էին բոլոր մասնակիցները, անխտիր, որոնց մեծ մասը՝ գերազանց գնահատականներով:

30 Սեպտեմբեր 2015-ին, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ Ֆրանսական դեսպանատունէն ստացուած DELF-ի A1 եւ A2 կարգի վկայականները յանձնեց աշակերտներուն: Ան գնահատեց աշակերտներուն յաջողութիւնը եւ շեշտեց, որ աշխատանքները պէտք է շարունակուին, առ ի պատրաստութիւն աւելի բարձր կարգերուն մէջ նոյն քննութիւններու մասնակցութեան:

Պարոն տնօրէնը յայտնեց, որ Մեսրոպեանի մէջ պիտի ամբողջանայ DELF քննութիւններու մասնակցութեան ծրագիրը, այնպէս, որ աւարտական դասարանի աշակերտները պատրաստուին DELF B2-ին: Այդպիսով անոնք կրնան մուտք գործել ֆրանսական եւ ֆրանսախօս երկիրներու համալսարաններ՝ առանց ֆրանսերէնի մուտքի քննութեան:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.