2015-10-01 10:39:00

Հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է 1500 կրակոց


Սեպտեմբեր 30-ին եւ Հոկտեմբերի 1-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է մօտ 120 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 /56 արկ/, 82 /11 արկ/ եւ 120 /7 արկ/ մմ-ոց ականանետերէ ու ՌՊԳ-7 /3 արկ/, ՍՊԳ-9 /3 արկ /եւ ՀԱՆ-17 /79 արկ/ տիպի նռնականետերէ, հայ դիրքապահներու  ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1500 կրակոց:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը, վերոնշուած զինատեսակներէն բացի, հայկական դիրքերու ուղղութեամբ հակառակորդը կիրառած է նաեւ TR-107 տիպի հրթիռահրետանային կայանք /6 արկ/:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն իրադրութեան եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.